Հալէպի գրաւման յաջորդ օրը
Ֆրանսեսքօ Պելքասթրօ nationalinterest.org-ի վրայ տեղակայուած իր վերոնշեալ խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ, որ արեւելեան Հալէպի մէջ Սուրիոյ բանակին արձանագրած արագ յառաջխաղացքը վերաշխուժացուցած է Հալէպի գրաւման հետեւանքներուն շուրջ քննարկումները։
Աշխարհը կը թուի կեդրոնացած ըլլալ այն հարցին վրայ‚ թէ քաղաքի գրաւումը Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահի երդման արարողութենէն առա՞ջ պիտի ըլլայ եւ‚ ինչ որ աւելի կարեւոր է‚ սուրիական հակամարտութեան ապագայ զարգացման վրայ քաղաքին գրաւման ունենալիք ազդեցութեան վրայ։ Մինչ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-էն ձերբազատուելու ջանքերը կը շարունակուին՝ գետնի վրայ դերակատարները կը պատրաստուին հակամարտութեան յաջորդ փուլին։ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերուն‚ կեդրոնական կառավարութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ փխրուն հաւասարակշռութիւն մը գոյութիւն ունի։ Հալէպի գրաւումը կրնայ յաւելեալ լարուածութեան առաջնորդել սուրիական վարչակարգն եւ Թուրքիան, որոնց յարաբերութիւնները ներկայիս հիմնուած են ռուսական միջնորդութեամբ դիւրաբեկ համաձայնութեան վրայ։
Պելքասթրօ կը գրէ‚ որ առաջին՝ քաղաքի գրաւումով սուրիական հակամարտութիւնը վերջ պիտի չգտնէ‚ այլ պարզապէս նոր փուլի պիտի անցնի: Վարչակարգը պիտի ստիպուի շարունակել կռիւը՝ պահպանելու իր ձեռքբերումները եւ այլ շրջաններ իր վերահսկողութեան տակ առնելու։ Սուրիական վարչակարգը լաւ մարզուած զինուորներու սակաւութենէն կը տառապի‚ ինչ որ պատճառ դարձած է, որ այդպիսի ուժեր երկրին տարբեր շրջանները տեղափոխուին։ Այդ ռազմավարութեան իբրեւ հետեւանք անցեալին անակնկալ տեղատուութիւններ արձանագրուած են‚ երբ այդ ուժերը այլուր փոխադրուած են։ Այս հարցը միայն մասնակի կերպով լուծուած է Հըզպալլայի եւ այլ ուժերու ներկայութեամբ։ Հակառակ «հաշտութիւններուն»‚ որոնք Դամասկոսի շուրջ գտնուող շարք մը քաղաքներուն խաղաղ փոխանցման առաջնորդած են, կառավարական ուժերը շատ տարածուած են՝ զանազան ճակատներու վրայ կռուելու համար։ Ուստի վարչակարգին համար շատ կարեւոր է քաղաքը գրաւել նուազագոյն զոհերով։ Հալէպը ցամաքային ուժերու նուազագոյն օգտագործումով գրաւելով՝ վարչակարգը կրնայ անմիջապէս երկրին մէջ նոր շրջանի մը վրայ կեդրոնանալ։ Եթէ նկատառելի կորուստներ ունենայ‚ նոր յարձակումի մը շղթայազերծումը կրնայ ամիսներով յետաձգուիլ։
Երկրորդ՝ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ հաւասարակշռութիւնը հիմնուած է Թուրքիա-Ռուսիա համաձայնութեան վրայ‚ զոր ընդունած է սուրիական վարչակարգը։ Կողմերուն միջեւ փոխհասկացողութիւնը կը թուի հետեւեալը ըլլալ. վարչակարգը համամիտ կը գտնուի իր հողերուն վրայ թրքական ուժերու ներկայութեան փոխան Հալէպի մէջ Թուրքիոյ չմիջամտութեան։ Եթէ այս է համաձայնութեան կէտը՝ ի՞նչ պիտի պատահի քաղաքի գրաւումէն ետք։ Վարչակազմը պիտի փորձէ՞ հայդուկային խմբաւորումներու աջակցելով թրքական ներկայութիւնը ականահարել։ Հալէպի ճակատամարտի աւարտը կրնայ նոր լարուածութիւն յառաջացնել Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ‚ ինչպէս նաեւ քրտական ուժերուն եւ իրաքեան կառավարութեան մօտ նոր պատկերացումներ ստեղծել։ Հակառակ ամրան ընթացքին Հասաքէի մէջ արձանագրուած բախումներուն՝ սուրիական վարչակարգը հասարակաց շահեր ունի Անգարայի ներխուժման գլխաւոր թիրախը եղող Ժողովրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն հարցով։ Թուրքիոյ ներկայութեան վերաբերեալ սուրիական մտահոգութիւնները նաեւ կրնան Պաղտատի հետ յաւելեալ գործակցութեան առաջնորդել‚ որովհետեւ իրաքցի քաղաքագէտները նոյնպիսի մտահոգութիւններ ունին Մուսուլի մէջ թրքական ներկայութեան վերաբերեալ։ Որքան ալ թրքական հովանաւորութիւնը վայելող դաշինքը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ յաջողութիւն արձանագրած ըլլայ՝ Անգարայի գործունէութիւնը անպայման շրջանին մէջ դիմադրութեան պիտի արժանանայ եւ լարուածութիւն պիտի ստեղծէ։
Այս զարգացումներուն ենթահողին վրայ կարեւոր է նաեւ ի մտի ունենալ‚ որ «Ռագգայի համար արշաւանք»-ը արդէն սկսած է։ Ամերիկեան աջակցութիւն վայելող ըմբոստ ուժեր սկսած են յառաջանալ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւուած քաղաքի ուղղութեամբ։ «Սուրիական ժողովրդավարական ուժեր» դաշինքը կազմուած է մեծամասնութեամբ քրտական ուժերէ‚ սակայն Ռագգան քիւրտերուն համար ռազմավարական կամ պատմական արժէք մը չի ներկայացներ։ Աւելին‚ քաղաքը երբեք ալ նկատառելի քիւրտ բնակչութիւն չէ ունեցած‚ ուստի անհաւանական է‚ որ քրտական ուժերուն արտօնուի անոր ղեկավարման մէջ կեդրոնական դերակատարութիւն ունենալ։ Ռագգայի տապալումէն ետք անխուսափելի կերպով պիտի յառաջանայ այն հարցումը‚ թէ ո՛վ կը մնայ զայն ղեկավարելու։
Վարչակարգին տեսանկիւնէն դիտուած‚ արեւմտեան ղեկավարութեամբ նախաձեռնութիւնը հետաքրքրութեան շարժառիթ է: Միջազգային դաշինքը ՏԱՀԵՇ-ը Ռագգայէն հեռացնելու «վատ արարքը կը կատարէ»‚ սակայն քաղաքին տիրանալէն ետք խնդիրներ կրնայ դիմագրաւել։ Վարչակարգը կրնայ իշխանութեան բաժնեկցութեան շուրջ յառաջանալիք խնդիրները շահագործել‚ եթէ քաղաքը ազատագրած ուժերուն միջեւ այդ հարցին վերաբերեալ վէճեր յառաջանան։ Ռագգայի դէմ յարձակումը նաեւ պիտի նուազեցնէ վարչակարգին վերահսկողութեան տակ գտնուող քանի մը արեւելեան շրջաններու‚ ներառեալ անցնող երեք տարուան ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ պաշարուած Տէր Զօրի վրայ ճնշումը։
Հալէպի վերատիրանալը կրնայ կարեւոր քայլ մը ըլլալ սուրիական վարչակարգին համար՝ վերջ տալով Ասատի հետ իսկական բանակցութիւններ վարելու միջազգային ընտանիքի դժկամութիւնը‚ սակայն կռիւներուն վերջ պիտի չտայ‚ այլ նոր փուլի մը սկիզբի ազդանշանը պիտի ըլլայ։