Հանգուցեալ Սուրէն եւ Արմինէ Մաղաքեան Մոնթրէալի Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ կտակած են 328,000 տոլար

 

Երեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ՝ Տիար Ռուբէն Աշգարեանի, գանձապահ՝ Տիար Ճորճ Զատոյեանի եւ Արմինէ Մաղաքեանի կտակակատար՝ տիարք Վիգէն Թիւֆէնքճեանի եւ Հրայր ու Արա Աղճայեանի միջեւ։ Կտակակատարները հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներուն յանձնեցին Սուրէն եւ Արմինէ Մաղաքեանի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կտակած վերոյիշեալ գումարը, որմով պիտի հիմնուի «Սուրէն եւ Արմինէ Մաղաքեան» կրթական հիմնադրամը։

Այս առթիւ, հոգաբարձութիւնը, նկատի ունենալով Արմինէ Մաղաքեանի տարիներու բազմավաստակ պատասխանատու պաշտօնը Կրթական Գործադիր Մարմնի գրասենեակէն ներս, որոշած է զայն վերանուանել «Կրթական Գործադիր Մարմնի “Արմինէ Մաղաքեան” գրասենեակ»։

Բարերար այս ամոլին՝ Սուրէն եւ Արմինէ Մաղաքեանի յիշատակը անթառամ պիտի մնայ մեր համայնքի պատմութեան մէջ՝ յուսալով նաեւ որ անոնց ցանած բարի սերմերը շուտով պտղաբերին։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.