Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-ամեակը նշուեցաւ Մոնթրէալի մէջ

 

Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2016–ին, երեկոյեան ժամը 7:00–ին Մոնթրէալի Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-ամեակի տօնակատարութիւնը:

Հ.Մ.Ը.Մ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ Հայաստանի ու Հ.Յ. Դաշնակցութեան քայլերգներու ունկնդրութիւն։

Օրուան հանդիսավար ընկ. Գաբօ Սոմունճեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս կանգնիլ՝ յարգելու յիշատակը Հ.Յ. Դաշնակցութեան բոլոր հանգուցեալ ընկերներուն եւ նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին յանուն հայ ժողովուրդին։

Հ.Յ.Դ. «Մ. Փափազեան», «Ս. Զէյթլեան» կոմիտէներու եւ «Ա. Գարօ» Ուսանողական միութեան կողմէ հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց ընկ. Գաբօ Սոմունճեան։ Ողջունելէ ետք ներկաները ընկերը ներկայացուց Հ.Յ. Դաշնակցութեան հակիրճ պատմականը եւ շեշտեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութիւնը դարձաւ հայոց պատմութիւն, եւ հայոց պատմութիւնը դարձաւ Դաշնակցութեան պատմութիւն։ Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս հայ ժողովուրդի մեծագոյն մասի գաղափարներու արտայատիչն է, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է իրապաշտ, իբրեւ կուսակցութիւն, իրական գաղափարներու եւ իրական պայմաններու ծնունդ։ Ընկ. Սոմունճեան իր խօսքը եզրափակեց, հաստատելով որ այնքան ատեն որ կ’ապրի հայ ժողովուրդը, պիտի ապրի դաշնակցութիւնը, եւ կոչ ուղղեց բոլորին՝ միասնաբար ապրելու Դաշնակցութիւնը։

Բացման խօսքին յաջորդեց ասմունք, Ժագ Յակոբեանի «Յաղթերգութիւնը», կատարողութեամբ Սոնա Թիթիզեանի։ Ապա տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Պատանեկան միութիւններէն Հ.Յ.Դ. Գանատայի Երիտասարդական միութեան շարքեր փոխանցման արարողութիւն։ 42 պատանիներ կատարեցին իրենց խոստումը՝ ծառայելու եւ նուիրուելու հայ ժողովուրդին, Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ.-ի շարքերուն անդամակցելով։

Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ.-ի «Լ. Շանթ» եւ «Բ. Աշոտ» մասնաճիւղերու անունով խօսք առաւ ընկ. Ժան-Յակոբ Չուխաճեան, որ ողջունեց Գ.Ե.Մ.-ի շարքերը փոխանցուող ընկերները, շեշտելով որ այս քայլը վճռական դարձակէտ մը պիտի ըլլայ իրենց կեանքին մէջ, ուր պիտի անցընեն իրենց դաշնակցական կեանքի յաջորդ հանգրուանը՝ շարունակելով իրենց աշխատանքները Հ.Յ. Դաշնակցութեան հովանիին տակ։ Ան կոչ ուղղեց նորագիր Գ.Ե.Մ.-ականներուն ըլլալու Հայ Դատի պաշտպան զինուորներ եւ անհրաժեշտ նկատեց իրենց բոլոր ուժերուն ի գործ դնելը Հայ Դատի սուրբ գործին։

 

Օրուան պատգամը փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի Ներկայացուցիչ ընկ. Ռաֆֆի Տօնապետեան։

Ընկ. Տօնապետեան ողջունելէ ետք ներկաները, նշեց, որ Հ.Յ.Դ.-ն ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենէն օրհասական եւ դժուարին օրերուն։ Հ.Յ.Դ.-ն կիսեց իր ժողովուրդի գողգոթան եւ առաջնորդեց իր ժողովուրդը մերժելու յուսահատութիւնը, մահը, եւ նայելու ճակատագրի աչքերուն մէջ եւ փոխելու զայն։

Ընկ. Տօնապետեան հաստատեց, որ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը ինչպէս անցեալին, այսօր եւ վաղը պիտի շարունակէ Հայաստանի ու հայութեան հանդէպ իր անսակարկ ծառայութիւնը։ Ան նաեւ շեշտեց, որ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը միշտ կարեւոր նկատած է հայութեան հզօրութեան բոլոր կռուանները, նամանաւանդ հայկական զինուած ուժերը եւ հայրենիքի պաշտպանութիւնը։ Այս ծիրէն ներս Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը արդէն իսկ կնքած են համաձայնագիր եւ Հ.Յ.Դ.-ն իր կամաւորներու ցանկը դրած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրութեան տակ, անգամ մը եւս վերահաստատելու համայն հայ ժողովուրդին ծառայելու իր տեսլականը։

Ընկ. Տօնապետեան նաեւ անդրադարձաւ Գանատայի մէջ Հ.Յ. Դաշնակցութեան գործունէութեան եւ յատկապէս Գանատայի տարածքին հայկական գաղութներու կազմաւորման մէջ ունեցած իր դերակատարութեան։ Ընկերը ներկայացուց միութեան կողքին գործող հայկական եկեղեցին, միութիւնները, Հայ Դատի աշխատանքները եւ կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ը։

Ընկ. Տօնապետեան նկատել տուաւ, որ թէեւ Գանատայի գաղութները այսօր կազմակերպուած են եւ տարած են ու կը շարունակեն տանիլ քաղաքական յաջողութիւններ Հայ Դատին առնչութեամբ, սակայն Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը կը դիմագարւէ յաւելեալ մարտահրաւէրներ։ Ան շեշտեց, որ Հայ Դատի բնագաւառին մէջ պէտք է շարունակել պայքարը, եւ ընդունելի չէ տեղքայլը։ Դաշնակցութիւնը իրաւունք չունի թերանալու, որովհետեւ այնտեղ ուր հայութեան վտանգ կը սպառնայ, հայ ժողովուրդը պէտք ունի, Դաշնակցութիւնը հոն ներկայ է եւ կը գործէ։

Ընկ. Տօնապետեան եզրափակելով իր խօսքը հրաւիրեց բոլորը խոնարհելու անցեալի բոլոր հերոսներուն յիշատակին, վաստակին եւ անոնց թափած արեան առջեւ։

Օրուան հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանը փոխանցելու իր սրտի խօսքը։ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը բնական արդիւնքն էր հայ ժողովուրդի անբնական կեանքի պայմաններուն։

Սրբազան Հայրը նկատեց, ու ծառայութիւնը աստուածային պարգեւ է մարդուն, ինչպէս՝ ազատութիւնը։ Սակայն կարեւորը այն է, թէ մարդ ինչպէ՞ս կ’ապրի այդ ազատութիւնը եւ կը պայքարի պահելու իր ազատութիւնը։ Նաեւ կարեւոր է, թէ մարդ ինչպէ՞ս կը դրսեւորէ եւ կ’արժեւորէ ծառայութիւնը իր անհատական, ընտանեկան, հաւաքական, ընկերային եւ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Հ.Յ. Դաշնակցութեան 126-ամեակը առիթ մըն է մտածելու այս կուսակցութեան 126 տարուան գործունէութեան, գաղափարախօսութեան եւ պայքարին մասին։ Սրբազան Հայրը դրուատեց Հ.Յ. Դաշնակցութեան գործունէութիւնը եւ շեշտեց, որ կուսակցութիւնը եղաւ հայ ժողովուրդի կողքին իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան բոլոր գաղութներու կազմաւորման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ։

Իր խօսքը աւարտելով Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան շնորհաւորեց Հ.Յ. Դաշնակցութեան ընտանիքը ընդհանրապէս եւ Գանատայի Հ.Յ.Դ.-ի ընտանիքը յատկապէս եւ մաղթեց շարունակել ժողովուրդի ծառայութեան իր յանձնառութեան նուիրական առաքելութիւնը՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման։

Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին, սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի ու Արցախի, միասնաբար ծառայելու եւ աշխատելու, գրիչով, բահով թէ սուրով պայքարելու, որպէսզի օր մը Արարատի վրայ ընդմիշտ ծածանի Եռագոյն Դրօշը։

Ձեռնարկի աւարտին ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան հիւր երգիչներ Սագօ Թաշճեան եւ Գօգօ Թիւթիւնճեան։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.