3,860,000 տոլար հանգանակուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն համար
Դեկտեմբերի 10-ին, Փարիզի Էլիզէի պալատի հարեւանութեամբ, Cercle de l’Union Interalliée դահլիճին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ կայացաւ Հայ Դատի աշխատնքներու հզօրացման ու աջակցութեան համար կազմակերպ՚ուած դրամահաւաք-ճաշկերոյթը։
Պատուոյ սեղանի շուրջ էին Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառը, ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը, Վատիկանի եւ Ֆրանսայի ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպաններ Միքայէլ Մինասեանն ու Վիգէն Չիթեչեանը, «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Լեւոն Սարգսեանն ու պատուոյ նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճին, Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վահան եպս. Յովհաննիսեանը, Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանը, Լիբանանի խորհրդարանի անդամ եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին։
Ողջունելով ներկաներուն եւ Հայ Դատին հանգանակութեան մասնակցած բոլոր բարերաներուն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանտ Մարգարեան անդրադարձաւ Հայ Դատի յանձնախումբերու գործունէութեանն ու աշխատանքի քաղաքական ու ռազմավարական կարեւորոթեան։ «Հայ Դատի պայքարն անցեալի համար չէ։ Հայաստանի Հանրապետութեան, այսօրուայ Հայաստանի անվտանգութեան պայքար է»,- շեշտեց ան։
Ան ցաւով արձանագրեց, որ այս բնագաւառին մէջ աշխատող շատ քիչ թիւով կամզակերպութիւններ կան, այդ իսկ պատճառով՝ ճակատագրով այդ գործը վիճակուած է Հ.Յ. Դաշնակցութեան։ Հրանտ Մարգարեանը ու յիշեցուց վերջին թարմ օրինակը, երբ Ատրպէյճա՚նը կը բողոքէ այն փաստին դէմ, որ Ֆրանսայի նորանշանակ ներքին գործերու նախարարը իրենց «սեւ ցանկ»ին վրայ է, որովհետեւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ այցելած է Արցախ։
Նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը ողջոյնի իր խօսքին մէջ յիշեցուց 10 տարի առաջ, Փարիզի մէջ կայացած Pro Armenia խորագրով կայացած համաժողովը, երբ դեռ դեսպան էր Ֆրանսայի մէջ։ «Ոչ բոլոր ժողովուրդներն ունեն իրենց անունով դատ, երազում ենք գայ մի օր, որ այդ դատ լուծուի»,-շեշտեց նախարարը։
«Մենք հարուստ չենք, բայց նուիրումով, փոքր գումարով հսկայ գործ կը կատարուի։ Մենք պետք է միախմբուինք»,- արձանագրեց Արամ Ա Վեհափառը։
Հաշուետուութիւնը ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհպիրդի ատենապետ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։ Ան յատուկ պատրաստուած ցուցասալիկներով։ ներկայացուց յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու կատարած գործը, ապա մանրակրկիտ թուական հաշուետուութիւն ներկայացուց։
Հանդիսութեան աւարտին յայտարարուեցան մի քանի մեծածաւալ նուիրատուութիւնները. 250 հազարական տոլարի նուիրատուութիւններ կատարած էին Գագիկ Ծառուկեանն ու Սամուէլ եւ Կարէն Կարապետեանները, 150 հազար՝ Սամուէլ Ալեքսանեանը, 100 հազարական տոլարի՝ Միքայէլ Վարդանեանը, Կարէն Վարդանեանը, «Փիւնիկ» հիմնադրամը, Մայքըլ Սարեանը։ Ընդհանուր հանգանակութեան գումար՝ 3 միլիոն 860 հազար տոլար։
Նշենք, որ նոյն օրերուն մէջ Փարիզի մէջ կը կայանար Եւրոպայի տարածքի Հայաստանի դեսպաններու հաւաքը, ՀՀ արտգործնախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ եւրոպական միջազգային կառոյցներու ՀՀ մշտական ներկայացուցիչներու հետ։ Օգտուելով այս առիթէն Հայ Դատի յանձնախումը հանդիպում ունեցաւ նախարարին հետ եւ մօտ չորս ժամնոց խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկեցին շարք մը կարեւոր հարցեր։