Նորակազմ «Գանատա-Թուրք Իսլամական Միութեան» Ներկայացուցիչները Այցելած Են Թորոնթոյի Թուրքիոյ Հիւպատոսին

 

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ‚ որ կազմուած է նոր Թուրք-գանատական ընկերակցութիւն մը՝ ամրապնդելու համար երկու երկիրներուն միջեւ մշակութային կապերը։

Գանատա-Թուրք Իսլամական Միութիւն (ՔԱԹԻՊ) ընկերակցութիւնը գլխաւորութեամբ իր նախագահ Ահմեթ Էրի յայտարարած է‚ որ ընկերակցութեան նպատակն է նպաստել Գանատայի թրքական համայնքին։

Ընկերակցութիւնը նաեւ պիտի փորձէ ծառայել Գանատայի իսլամական համայնքին եւ ամրապնդել տարբեր համայնքներու միջեւ յարաբերութիւնները։

Նորակազմ ընկերակցութեան անդամները այցելած են Թորոնթոյի մէջ Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոս Էրտեմ Շենի‚ որ ողջունած է ՔԱԹԻՊ-ը։

«Կը յուսանք‚ որ ՔԱԹԻՊ յաջող կերպով պիտի ծառայէ Գանատայի թուրք համայնքին‚ եւ մենք պիտի աջակցինք ընկերակցութեան աշխատանքին»‚ ըսած է ընդհանուր հիւպատոս Շեն։

«Սապահ» կը գրէ‚ որ շուրջ 50 հազար թուրք քաղաքացիներ կը բնակին Գանատայի տարբեր շրջաններու մէջ‚ մասնաւորաբար Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի նման մեծ քաղաքներու մէջ։

Տարիներու ընթացքին‚ երկու երկիրները ամրապնդած են յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը։

Մինչեւ 2010-ը՝ Թորոնթոյի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանի բացումը‚ Թուրքիան միայն Օթաուայի մէջ դեսպանատուն մը ունէր։ 2015-ին‚ մէկ այլ հիւպատոսարան մը բացուած է Վանքուվըրի մէջ‚ եւ պատուոյ հիւպատոսարաններ Հալիֆաքսի‚ Սասքաթունի եւ Էտմընթընի մէջ։

Մեր կողմէ նշենք, որ Գանատայի մէջ գործող նման թրքական կազմակերպութիւններ, ինչպէս՝ «Գանատայի թրքական կազմակերպութիւններու դաշինք», «Գանատացի թուրքերու խորհուրդ», «Գանատայի թուրք երիտասարդներու միութիւն» բացայայտ հակահայ քարոզչութիւն կը կատարեն։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.