Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Քրտական Ինքնավար Մարզի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Արեւմտեան Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Վահէ Անտոնեան եւ Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Յակոբեան Չորեքշաբթի‚ 30 Նոյեմբերին հանդիպում ունեցան հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի շրջանային կառավարութեան ներկայացուցիչ Ռեպին Ժամալ Հասանի‚ Գանատայի քիւրտ համայնքի ղեկավար Ազատ Փալանի եւ Քիւրտիստանէն հիւրաբար այցելող Տարա Ֆարաժի հետ։
Պրիթիշ Քոլոմպիոյ Սուրի քաղաքին մէջ երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցաւ գանատահայութեան եւ Գանատայի քիւրտ համայնքին միջեւ հասարակաց հետաքրքրութեան հարցերու վերաբերեալ համագործակցութիւն սկսելու շուրջ տեսակէտներու փոխանակում։
Քննարկուած կարելիութիւններու եւ քայլերու շարքին էին.
– Հայաստանի հանրապետութեան եւ Քիւրտիստանի միջեւ տնտեսական եւ կրթական համագործակցութեան ջատագովումը։
– Ցեղասպանութեան վերաբերեալ կրթութեան մարզին մէջ շարունակական գործակցութիւն։
– Քիւրտիստանի մէջ պատերազմի պատճառով քանդուած քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ հայ համայնքի կեդրոններու վերակառուցում։
– Հասարակաց նպատակներ եղող այլ մարզերու մէջ գործակցութիւն։
Երկու կողմերը համաձայնեցան շարունակելու երկխօսութիւնն ու տեսակէտներու փոխանակումը‚ ինչպէս նաեւ ապագայ հանդիպումներու եւ գործակցութեան ծրագրաւորում կատարեցին։