Գանատայի ՀՀ դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ ﬕջնադարեան Հայաստանի Անի քաղաքին վերաբերող լուսանկարներու շնորհանդէս

 

Գանատայի ՀՀ դեսպանատան մէջ, Նոյեմբեր 23-ին տեղի ունեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Անի քաղաքին վերաբերող «Ճանապարհորդութիւն դէպի Անի` ﬕջնադարեան Հայաստանի մայրաքաղաք» թեմայով լուսանկարներու շնորհանդէս` «Հայաստան» համահայկական հմնադրաﬕ Թորոնթոյի մասնաճիւղի ղեկավար Մկրտիչ Մկրտչեանի ներկայացմամբ: Այս մասին «Արﬔնպրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը, որուն հաղորդագրութեան էջ նշուած է. «Երեկոյին կը մասնակցէին հայ եւ գանատացի արուեստագէտներ, հասարակականքաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ, բազմաթիւ գանատահայեր: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արէն Եգանեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Մկրտիչ Մկրտչեանին շնորհանդէսի իրականացման համար եւ ընդգծեց վերջինիս երկարատեւ տարիներու անձնուէրր գործունէութիւնը ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման: ՀՀ դեսպանը հանգամանալից անդրադարձաւ Անի քաղաքի ﬔծագոյն մշակութային ժառանգութեանը:

 Շնորհանդէսի ընթացքին Մկրտիչ Մկրտչեանը ներկայացուց Անի քաղաքի պատմութիւնն ու ճարտարապետութիւնը` լուսանկարներու ﬕջոցով ցուցադրելով Անիի եկեղեցիներու եւ այլ ճարտարապետական կոթողներու` իր այցելութիւններուն ժամանակ իր կողէ նկարահանուած համայնապատկերները: Շնորհանդէսը լուսաբանուեցաւ Օթթաուայի հայկական լրատուաﬕջոցներուն կողմէ»: 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.