Բերիոյ Հայոց թեմի ԴՊՐՈՑ հիմնադրամ
Բերիոյ Հայոց թեմի ԴՊՐՈՑ հիմնադրամ
Սուրիական երկամեայ տագնապին եւ անոր ծանրագոյն հետեւանքներուն դիմաց, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ.Վարչութիւնը Ազգ. Վարժարաններու նիւթական հսկայական կարիքները ապահովելու նախանձախնդրութեամբ եւ ծնողներուն օժանդակած ըլլալու տրամադրութեամբ, յատկապէս 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանը անվճար կը յայտարարէ: Արդ, կրթական նուիրական գործին անհրաժեշտ նիւթականը ապահովելու վստահութեամբ, կը դիմէ մեր ժողովուրդի ազնիւ ներդրումներուն եւ աշխարհասփիւռ հայութեան օժանդակութեան եւ կը հաստատէ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. վարժարաններուն օժանդակող «ԴՊՐՈՑ» հիմնադրամը:
«ԴՊՐՈՑ» հիմնադրամը կը վայելէ օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին:
«ԴՊՐՈՑ» հիմնադրամը կը ղեկավարուի Թեմի Ազգ. Վարչութեան կողմէ յառաջացած հոգաբարձութեամբ, Հալէպ կեդրոնով:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. վարժարաններու ուսումնակրթական առաքելութեան անխափան երթի ապահովման բծախնդիր ու հաւատացող մեր ժողովուրդի զաւակները, աշխարհասփիւռ հալէպահայերն ու սուրիահայերը, տեսլապաշտ ու բարեսէր բոլոր հայորդիները, հրաւիրուած են բացառիկ հոգածութիւն ցուցաբերելու «ԴՊՐՈՑ» հիմնադրամի գոյաւորման համար:
«ԴՊՐՈՑ» հիմնադրամը իրեն հասցէագրուած օժանդակութիւններն ու նուէրները պիտի ստանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դրամատնային հաշուեթիւով «ԴՊՐՈՑ» մակագրութեամբ կամ Հալէպի Ազգ. Առաջնորդարանի գանձապահութեան ճամբով:
Սուրիական տագնապին մէջ «ԴՊՐՈՑ» հիմնադրամին սատար հանդիսանալ կը նշանակէ նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան եւ կրթութեան մասնակից դառնալ:
ԴԻՒԱՆ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ