Լոյս Աշխարհ Եկած Է Ապրիլեան Պատերազմի Օրերուն Զոհուած Գեղամ Մկրտչեանի Դուստրը
1217
0
Այսօր առաւօտեան Ստեփանակերտի ծննդատան մէջ լոյս աշխարհ եկած է ապրիլեան պատերազմի օրերուն զոհուած պայմանագրային զինծառայող Գեղամ Մկրտչեանի եւ Անոյշի զաւակը: BlogNews.am-ը կապ հաստատած է Անոյշի հետ, շնորհաւորած է ու տեղեկացած փոքրիկի ու Անոյշի որպիսութեան մասին: «Աղջկաս հետ ամէն ինչ լաւ է, ծնուել է 3.700 քկ․ քաշով եւ 51 սմ, հասակով»,- հեռախօսով յայտնած է Անոյշը: Հարցումին, թէ ինչ ապրումներ ունի այս պահուն, Անոյշը յուզուած է:
Յիշեցնենք, որ Անոյշն ու Գեղամը ապրիլեան պատերազմէն 6 ամիս առաջ ամուսնացած էին: Հանդիպած էին զօրամասի մէջ, ուր երկուքը կը ծառայէին: Գեղամ Մկրտչեանը զոհուած է Թալիշի պաշտպանութեան ընթացքին Ապրիլ 2-ի լոյս 3-ի գիշերը: Մայիս 28-ին ՀՀ նախագահը Անոյշին յանձնած է ամուսինին յետմահու շնորհուած «Արիութեան մետալ»-ը: