Նախագահ Թրամփ պիտի զօրակցի՞ թրքական զինուորական ոտնձգութիւններուն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ

 

al-monitor.com կը գրէ, որ թուրք ղեկավարները լաւատես են, թէ, ինչպէս ապագայ ազգային ապահովութեան խորհրդատու զօր.Մայքըլ Ֆլին գրեց Միացեալ Նահանգներու ընտրութեան օրը “Տը Հիլ” պարբերաթերթին կողմէ հրատարակուած յօդուածի մը մէջ, Թրամփի վարչակազմը ամերիկեան “արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի ճշդէ Թուրքիան ճանչնալով իբրեւ առաջնահերթութիւն մը…եւ աշխարհը տեսնէ Թուրքիոյ տեսանկիւնէն”։

Մեթին Կիւրճան կը գրէ. “Անգարայի մէջ բազմաթիւ ականաւոր դէմքեր կը հաւատան, որ Թրամփի փոխանցման խումբը պիտի հասկնայ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը եւ աջակցի Անգարայի պայքարին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ընդդէմ ՔԱԿ-ի եւ Իրաքի մէջ շիիներու ազդեցութեան դէմ։ Դժուար չէ կրահել, որ Անգարա իր ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէ լաւ յարաբերութիւններու հաստատման վրայ, ուստի եւ մինչեւ 20 յունուարին Թրամփի պաշտօնակալութիւնը գործակցութիւնը պիտի աւելցնէ վերջինիսի խումբին հետ։ Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խումբերը արդէն Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ դիւանագիտական ջանքերով զբաղած են”։

Կիւրճան կը բացատրէ, թէ Սուրիոյ մէջ Անգարայի “գլխաւոր նպատակը Քոպանի եւ Ժազիրա գաւառներուն վրայ Ժողովրդավարական Միութիւն կուսակցութեան (ԺՄԿ) վերահսկողութեան վերջ տալն է…եթէ Անգարա չի կրնար իր զինուորական ամբողջական ներկայութիւնը պարտադրել Եփրատի արեւելեան ափին վրայ, պիտի բաւարարուի Պապը ՏԱՀԵՇ-էն եւ Մընպեժը ԺՄԿ-էն ձերբազատելով՝ այդպիսով Ժարապլուսը, Մընպեժը եւ Ռային ներառող քառանկիւն ապահովական գօտի ստեղծելով”։

Կիւրճան կը գրէ, որ Իրաքի մէջ Թուրքիոյ նպատակներն են “Մուսուլի գործողութեան մաս կազմել եւ վերջ տալ Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ կամուրջ հանդիսացող Սինճարի մէջ ՔԱԿ-ի ներկայութեան։ Այդ մէկը նաեւ պիտի նշանակէ Քանտիլ լեռներէն դէպի հիւսիսային Սուրիա ՔԱԿ-ի միջանցքը երկուքի կիսել։ Անգարա կը հաւատայ, որ կենսական է շիիական միջանցքները՝ մէկը հիւսիս արեւմտեան Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, իսկ միւսը Սուրիայէն Լիբանան երկուքի կիսել։ Այլ խօսքով՝ Անգարայի համար յոռեգոյն տարբերակը հարաւի մէջ Իրանէն Լիբանան երկարող միջանցքով մը եւ հիւսիսի մէջ Քանտիլէն Աֆրին ՔԱԿ-ի միջանցքով մը պաշարուիլն է”։

Ֆեհիմ Թաշթեքին կը գրէ. “Անգարա ներկայիս կ’օգտագործէ այն պնդումը, թէ ՔԱԿ-ը Սինճարը վերածած է կեդրոնի մը։ Յայտարարելով, որ “Սինճար նոր Քանտիլի վերածուելու ընթացքի մէջ։ Այդ մէկը չենք կրնար արտօնել” Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ դիրքորոշումը յստակ դարձուց”։

Թաշթեքին կը բացատրէ, որ Սինճար միջքրտական քաղաքականութեան մէջ բարդ դերակատարութիւն ունեցած է. “2003-ին շրջանին Միացեալ Նահանգներու կողմէ գրաւումէն ետք, Քիւրտիստանի շրջանային կառավարութիւնը փորձեց Փեշմերկա ուժերուն թիւը մեծցնելով Սինճարը կցել Քիւրտիստանի, իսկ ՔԱԿ-ը իր ազդեցութեան ոլորտը ընդլայնելու ջանքերը աճեցուց։ Շուրջ 8,000 փեշմերկաներ 2014-ին շրջանէն հեռացան առանց դիմադրելու ՏԱՀԵՇ-ին, սակայն ՔԱԿ-ի զինեալ թեւը՝ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը սկսան կռուիլ բանալու համար Սինճար լեռներէն սկսող միջանցք մը, իսկ Ռոխովայի Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները սկսան նոյնը ընել սուրիական կողմէ։ Այս քայլերը բարձրացուցին եզիտիներու մօտ ՔԱԿ-ի ժողովրդավակնութիւն, իսկ Մասուտ Պարզանիի ղեկավարութեամբ Քիւրտիստանի շրջանային կառավարութեան եւ Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան առնչակից փեշմերկաներուն ծանր հարուածներ ստացան, երբ ամբաստանուեցան եզիտիները ոճրագործ ՏԱՀԵՇ-ին լքելու մէջ”։

Ան կ’աւելցնէ. “Սինճարի կեդրոնը փեշմերկաներու հետ ազատագրելէ ետք Սիճարի դիմադրութեան ջոկատներն ու Սինճարի կիներու ջոկատները շարունակեցին գիւղերուն մէջ կռուիլ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ։ Մինչեւ հիմա եզիտիներ մասնակից չեն դարձած Մուսուլի եւ Թել Աֆարի դէմ գործողութիւններուն՝ յայտնելով, որ կը սպասեն Պաղտատի կառավարութեան կոչին։ Բայցեւայնպէս, եզիտի ուժերը իրենք զիրենք լիարժէք մասը կը նկատեն Մուսուլի գործողութեան։ Ի վերջոյ, վարչականօրէն, Սինճարը կապուած է Մուսուլի գաւառապետութեան”։

Թաշթեքին կ’եզրակացնէ. “Թէեւ Սինճարը աշխարհագրականօրէն կրնայ աւազակախմբային գործողութիւնները յարմար չըլլալ՝ վերջին ժամանակներու խառնակ վիճակին պատճառով ՔԱԿ-ը աւելի տեսանելի եւ ազդու ներկայութիւն դարձած է իրանեան սահմանին վրայ գտնուող Հանեքինէն մինչեւ կեդրոնական Իրաքի Մուսուլն ու Քիրքուքը։ Եթէ զայն դիտէք Իրաքէն, Թուրքիոյ համար բնաւ դիւրին չի թուիր շրջելու այսպիսի ճկուն ու աշխուժ հոլովոյթ մը՝ պարզապէս Սիլոփի սահմանին վրայ հրասայլեր կուտակելով”։

Թուրքիոյ շահերուն համար կենսական է նաեւ Մուսուլի արեւմուտքը գտնուող ռազմավարական Թել Աֆար քաղաքը, ուր իրանեան աջակցութիւն վայելող իրաքեան կիսազինուորական ջոկատները՝ Ժողովրդային զօրախումբը կը թուի քաղաքը ՏԱՀԵՇ-էն խլելու եզրին ըլլալ”։

Մուսթաֆա Սաատուն կը հաղորդէ, որ Պատր կազմակերպութեան ղեկավար Հատի ալ-Ամիրի մերժեց թրքական որեւէ միջամտութիւն երբ ըսաւ. “Թել Աֆարը թուրք զինուորներու գերեզմանը պիտի դառնայ, եթէ Թուրքիա փորձէ ճակատամարտին մասնակից դառնալ”։ Թել Աֆարի վերահսկողութիւնը առանցքային է Թուրքիոյ եւ Իրանի համար, ինչպէս նաեւ Իրաքի եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի կառավարութիւններուն համար։ Սաատուն կը բացատրէ. “Թուրքիա չուզեր, որ Իրան ազդեցութիւն ունենայ Թել Աֆարի մէջ, որ սահմանակից է Սուրիոյ։ Այդ մէկը Իրանի համար աւելի դիւրին պիտի դարձնէ զէնք փոխանցել ցամաքային ճամբով, որ կը փորձէ հաստատել Իրաքի արեւելքէն դէպի արեւմուտք։ Ասիկա նաեւ կը նկատուի Թել Աֆարի շուրջ վէճի պատճառներէն մէկը։ Էրտողան կը վախնայ, որ Թել Աֆարը, որ թրքական սահմանէն 60 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է, պիտի վերածուի Իրանի մօտիկ եղող շիի խմբաւորումներու ապաստանի մը։ Թուրքիոյ նախագահը նաեւ մտահոգ է Թուրքիոյ դէմ յարձակումներու համար Ժողովրդային զօրախումբին եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան միջեւ դաշինքէ մը կամ Ժողովրդային զօրախումբին կողմէ թրքական բանակին դէմ կռուող ՔԱԿ-ի զէնքերու փոխանցումէ։

ԻՐԱՔԵԱՆ ՊԱԱՍԻ ՎԵՐԱԴԱ՞ՐՁԸ

Ճոզըֆ Պրայֆել կը գրէ. “յետազատագրական պատմութիւններէն բացակայ եղող խմբակ մըն են նախկին պաասականները, որոնք Մուսլի վերջին պատմութեան մէջ բարդ դերակատարութիւն մը ունեցած են եւ Պաղտատի մէջ յետ 2003-եան կառավարութիւններու հետ վատ յարաբերութիւններ ունեցած են։ Եթէ յետ ՏԱՀԵՇեան Իրաքի մէջ նախկին պաասականներուն դերակատարութիւնը մոռցուած է, ապա 2014-ին ՏԱՀԵՇ-ին Մուսուլ մուտք գործելէն ետք յառաջացած հարցերէն շատերը հաւանական է, որ ապագային եւս վերադառնան”։

Ան կ’աւելցնէ. “ՏԱՀԵՇ-ի պաասականերու հետ ուժեղ կապը խմբակին իրաքեան ինքնութիւն մը տուին եւ արտօնեցին , որ Մուսուլ մուտք գործելէ անմիջապէս ետք այդպիսի խմբակներու հետ դաշինքներ կնքէ։ Այդ դաշինքներէն մէկը պաասականներու առնչակից Նաքշպանտի բանակին հետ էր, որուն ղեկավարն է Իզզաթ ալ-Տուրին։ Երբ ՏԱՀԵՇեան ուժերը Յունիս 2014-ին ներխուժեցին Մուսուլ Նաքշպանտի բանակի պաասական ցանցը մեծապէս դիւրացուց անոնց մուտքը”։

Պրայֆել կը բացատրէ. “Հակառակ գաղափարաբանական տարակարծութիւններուն, գործնապաշտ աշխարհիկ ազգայնական պաասականները վճռած էին որեւէ ձեւով իշխանութիւն ունենալու եւ ի նպաստ իրենց շահագործելու որեւէ կացութիւն։ Սակայն ապաքան ինչ կը պարունակէ անոնց համար որոնք կը փորձեն քաղաքային կեանք վերադառնալ։ Հաշուետուութեան եւ արդարութեան ազգային գերագոյն յանձնախումբը երեսուն Սեպտեմբերին ապապաասականացման օրէնքին մէջ բարեփոխումներ կատարեց, բազմաթիւ նախկին պաասականներուն արտօնելով իրենց պաշտօնները վերստանձնելու։ Մինչ ՏԱՀԵՇ Իրաքի եւ անոր ժողովուրդին համար մեծագոյն սպառնալիքը կը ներկայացնէ, զայն պարտութեան մատնելու համար ազգային հաշտութիւնը պէտք է ներառէ բոլոր խմբաւորումները, ներառեալ պաասականները։

Պաասական ցանցերը հասկնալը շատ կարեւոր է եւ այդ թեման պէտք է առաւելաբար քննարկուող յարանուանական յաշտութեան, քաղաքական ինքնավարութեան եւ արտաքին դերակատարներու դերին կողքին պէտք է ներառուի՝ ընկերային անապահովութեան շարժիչ պատճառներու լուծման ընթացքին”։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.