Իրաքեան Քիւրտիստանի մոռցուած Հայերը
Ասպետ Քոչիկեան ՀԲԸՄ-ի պարբերաթերթին մէջ կը գրէ, որ Մայիսի սկիզբը, Ուրբաթ կէսօրէ ետք մը իրաքեան Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ ներկայ գտնուած է ասորական եկեղեցւոյ մէջ Հայր Արթուն Խալաթեանի մատուցած Ս. Պատարագին, որուն մասնակից շուրջ 24 հայերը եկած են նախապէս մեծաթիւ հայ համայնք ունեցող Մուսուլէն։ Նշեալ հայերուն ու անոնց հոգեւոր հովիւին մօտակայ Զախօ քաղաքէն Էրպիլ փոխադրուելուն պատմութիւնը իր մէջ կ’ամփոփէ պատմութիւնը Իրաքի մեծաթիւ ու մոռցուած ամբողջ հայ համայնքին, որուն հաւաքական ինքնութիւնն ու յարատեւումը վտանգուած է։
Թէեւ հաւաստի վիճակագրութիւններ գոյութիւն չունին, կ’ենթադրուի, որ մինչեւ 2003 Իրաքի մէջ գոյութիւն ունէին 25,000 հայեր, որոնց մեծամասնութիւնը կը բնակէր Պաղտատի, հարաւի մէջ Պասրայի, հիւսիսի մէջ Քերքուքի եւ Մուսուլի մէջ։ Այդ տարի տեղի ունեցած ամերիկեան ներխուժումէն ետք անոնցմէ շատեր մեկնեցան Եւրոպա, ուրիշներ՝ Հայաստան, իսկ աւելի փոքր թիւ մը փոխադրուեցաւ յարաբերաբար ապահով եղող Քիւրտիստան։ Յաջորդող տասնամեակի ընթացքին ծայրայեղականները թիրախ դարձուցին քրիստոնեաներն ու այլ փոքրամասնութիւնները՝ հարիւր հազարաւորներ մղելով իրենց տուներէն փախուստ տալու եւ այդ ընթացքին փոխելով շրջանի ժողովրդագրական պատկերը։
Կարգ մը նախատեսութեանց համաձայն, միայն անցեալ տարի աւելի քան երկու միլիոն գաղթականներ եւ ներքին տեղահանուածներ փախուստ տուած են դէպի Քիւրտիստանի տարբեր շրջաններ։ Անոնցմէ շատեր հաստատուած են գաղթականներու ճամբարներու մէջ։ Իրաքի հայերը բաւարար բախտը ունեցան իրենց ընտանեկան կապերուն շնորհիւ հաստատուելու Էրպիլի, Տոհուքի կամ Զախոյի մէջ։
Յունիս 2014-ին, ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները գրաւեցին Իրաքի երկրորդ մեծագոյն քաղաք Մուսուլը՝ քանդելով կամ մզկիթի վերածելով եկեղեցիներ եւ առաւել եւս նուազեցնելով միջին արեւելեան երկիրներուն մէջ քրիստոնեաներու եւ հայերու թիւը։ Կը հաղորդուի, որ Մուսուլի մէջ հայեր չեն մնացած, իսկ ամբողջ Իրաքի մէջ շուրջ 5000 հայեր կան։ Անոնց շուրջ կէսը կը բնակի Պաղտատի մէջ, իսկ 3000 հայեր հաստատուած են Տոհուքի եւ Էրպիլի մէջ, ուր կը պայքարին պահպանելու իրենց համայնքի ինքնութիւնը։ Իր կրօնական պարտականութեան կատարման համար հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմը աշխուժօրէն կը մասնակցէր Էրպիլի մէջ հայկական եկեղեցւոյ կառուցման՝ յարմարելու համար ներքին տեղահանուած իրաքահայերու մեծ թիւին։ Մուսուլի անկումէն ետք Հայր Խալաթեան Էրպիլի հետզհետէ աճող հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ, սակայն եկեղեցւոյ կառուցման ծրագիրները ջնջուեցան, որպէսզի այդ գումարը յատկացուի գաղթականներու։ Այլընտրանքի բացակայութեան լոյսին տակ հայ վարդապետը դիմեց Անքաուա արուարձանին մէջ գտնուող ասորական եկեղեցւոյ, ուր իրեն արտօնուեցաւ պատարագ մատուցել հետզհետէ աճող հայ համայնքին համար։
Համայնքին ծննդոցը
Պատմականօրէն՝ Իրաքի մէջ հայ համայնքը կեդրոնացած է Պաղտատի եւ Պասրայի մէջ։ Շրջանին մէջ հայերու ներկայութիւնը կը սկսի 17-րդ դարէն, երբ Ասֆահանէն հայ առեւտրականներ առեւտրական կապեր հաստատեցին ու հաստատուեցան Պասրայի մէջ։ Ի տարբերութիւն կեդրոնական եւ հարաւային Իրաքի մէջ հայերու յարաբերաբար աւելի հին պատմութեան՝ հիւսիսային Իրաքի մէջ հայ համայնքը սկիզբ առած է 19-րդ դարու կիսուն։ Շուրջ 1860 թուականին Պոլսոյ հայոց պատրիարքին թելադրանքով հայկական փոքր եկեղեցի մը կառուցուած է Մուսուլի մէջ։ Համաշխարհային Ա. Պաերազմէն ետք‚ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հազարաւորներ Անատոլուէն հասան Մուսուլ‚ իսկ ուրիշներ շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Պաղտատ եւ Պասրա‚ ի վերջոյ կազմաւորելով եկեղեցիներով‚ դպրոցներով‚ կրօնական ու քաղաքական հաստատութիւններով օժտուած կենսունակ համայնքներ։
Քիւրտիստանի հայերու ներկայացումը ամբողջական պիտի չըլլայ առանց անդրադառնալու Լեւոն Շակոյեանի (1887-1974)‚ որ աւելի ծանօթ է Լեւոն փաշա անունով։ Ան ծնած է Վանի մօտ գտնուող Խարականց գիւղին մէջ եւ Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ընթացքին եղած է քաղաքի հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերու հրամանատարներէն մէկը։ 1917-ին‚ ռուսական ուժերու օսմանեան ճակատէն հեռանալէն ետք‚ Լեւոն փաշա ստանձնած է բնակչութեան մէկ մասին ղեկավարութիւնը եւ զանոնք առաջնորդած Իրաք‚ ուր անոնցմէ ոմանք հաստատուած են Մուսուլի մէջ‚ իսկ ուրիշներ՝ Պաաքուպայի գաղթականական ճամբարին մէջ։ 1920-ական թուականներու վերջաւորութեան այդ գաղթականներուն մեծամասնութիւնը փոխադրուեցաւ Պաղտատ‚ Պասրա‚ Սուրիա եւ Իրան‚ իսկ մեծամասնութեամբ գիւղացիներէ բաղկացած մնացեալը հաստատուեցան Քիւտիստանի Զախօ քաղաքին եւ նորահաստատ երկու գիւղեր Հաուրեզքի (հայկական Հայ վրէժ բառին աղաւաղումը) եւ Աւզրուքի մէջ։ Հաուրեզք կը գտնուի Տոհուքէն 25 մղոն հիւսիս՝ դէպի Զախօ գլխաւոր ճամբուն վրայ‚ իսկ Աւզրուքը Զախոյէն միայն 10 մղոն հարաւ է։
Երկու գիւղերու պատմութիւնը
Քիւրտիստանի մէջ հայկական ներկայութիւնը մինչեւ 1975 կեդրոնացած էր Հաուրեզք եւ Աւզրուք գիւղերուն մէջ (վերջինս կազմուած է ասորի եւ հայ բնակչութենէ), երբ Սատտամ Հուսէյնի կառավարութիւնը արգելափակեց գիւղերը եւ բնակչութեան ստիպեց տեղափոխուիլ հարեւան քաղաքներ։ Այս ռազմավարութիւնը հայերուն դէմ չէր‚ այլ Քիւրտիստանի մէջ բազմաթիւ գիւղերու փեշմերկաներուն հանդէպ ցուցաբերուած աջակցութիւնը տկարացնելու համար։ Ըստ Քիւրտիստանի շրջանային խորհրդարանի նախկին երեսփոխան եւ ծագումով աւզրուքցի Արամ Շահին Պաքոյեանի, հայերը համակրանք ունէին փեշմերկաներուն նկատմամբ եւ անոնցմէ ոմանք Սատտամ Հուսէյնի վարչակարգին կողմէ բանտարկուած են տխրահռչակ Ապու Ղրէյպ բանտին մէջ։ Կարգ մը պարագաներու‚ երբ վարչակարգը փորձեց փեշմերկաներու կողքին կռուող կարգ մը ոչ քիւրտեր համոզել, որպէսզի իրենց կապերը քրտական խմբաւորումներուն հետ խզեն, հայերը մերժեցին, ըսելով որ իրենք զիրենք կը նկատեն քիւրտեր‚ թէեւ «քրիստոնեայ քիւրտեր»։
Երկու գիւղերը վերաբնակուեցան ու վերաշինուեցան 2006-ին‚ երբ Քիւրտիստանի շրջանային կառավարութիւնը տուներ շինելու համար գումարներ տարմադրեց եւ նախկին բնակիչները քաջալերեց վերադառնալու։ Այս աշխատանքին մեծապէս աջակցեցաւ Սարգիս Աղաճեան Մամետոն‚ ասորի քաղաքագէտ մը‚ որ Քիւրտիստանի շրջանային կառավարութեան մէջ բազմաթիւ պաշտօններ ստանձնեց‚ ներառեալ փոխվարչապետի պաշտօնը (2004-2006)։ Ըստ Հաուզրեքի գիւղապետ Մուրատ Վարդանեանի‚ Քիւրտիստանի շրջանային կառավարութիւնը 2006-էն ի վեր գիւղին մէջ աւելի քան 115 տուներ շինած է։ Մօտակայ օդակայանի շինութիւնն ու գործունէութիւնը գիւղացիներուն կը խոստանար գործի լաւ առիթներ ստեղծել։ 2014-ին Մուսուլի անկումէն ետք‚ անգամ մը եւս անապահովութեան մթնոլորտին մէջ այդ ծրագիրները մէկդի ձգուեցան։
Եկեղեցի եւ պետութիւն
Քիւրտիստանի մէջ հայ համայնքին կեդրոնը եկեղեցին է։ Ըստ Տոհուքի մէջ Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Հաուզրեքի այցելու հոգեւոր հովի Հայր Մասիս Շահինեանի‚ հայերուն մեծամասնութիւնը իրենց առօրեայ կեանքին մէջ կը խօսին հայերէն եւ քրտերէն։ Մինչ եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւնը տակաւին հայերէն է՝ քարոզները կա՛մ քրտերէն են (Քուրթանճի բարբառ), կա՛մ արաբերէն։
Թրքական սահմանէն նուազ քան 10 մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցին կանգնած է համալիրի մը մէջ‚ որ կառուցուած է 1968-ին Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի նուիրատուութեամբ։ Ինչպէս Էրպիլի պարագային‚ Զախոյի հայ բնակչութիւնը եւս վերջին տարիներուն աճած է՝ 2013-ին 165 ընտանիքներէն այսօրուան աւելի քան 240 ընտանիքներու։ Ըստ քաղաքի հոգեւոր հովիւ Հայր Առաքել Գասպարեանի‚ նորեկներուն մեծամասնութիւնը Մուսուլէն եւ շրջակայ շրջաններէն փախուստ տուած ընտանիքներ են։ Անոնցմէ մէկն է նաեւ ինք‚ որ մինչեւ 2014 կը ծառայէր իբրեւ Մուսուլի հոգեւոր հովիւ եւ պատասխանատուութիւնը ստանձնեց իր հօտին ապահով ելք մը գտնելու‚ երբ ՏԱՀԵՇ գրաւեց իր քաղաքը։
Քիւրտիստանի փոքր հայ համայնքը լաւապէս համարկուած է տեղւոյն ընկերաքաղաքական եւ տնտեսական կեանքին։ Ըստ Քրտական շրջանային խորհրդարանի ներկայ անդամ Երուանդ Նշան Մարքոզի‚ հայերը լաւ աչքով կը դիտուին Քրտական շրջանային կառավարութեան կողմէ‚ որ հայերէնը կը նկատէ Քիւրտիստանի պաշտօնական լեզուներէն մէկը։ Էրպիլի մէջ քիւրտ անանուն պաշտօնատար մը պատմեց‚ թէ քիւրտերը հայերը կը նկատեն իրենց եղբայրները՝ հաստատելով այն համոզումը‚ թէ «քիւրտերը եւ հայերը մէկ ազգ էին‚ Յիսուս եկաւ եւ զանոնք իրարմէ անջատեց, եւ երբ իսլամութիւնը եկաւ, քիւրտերը հայերուն դէմ լարեց»։ Տուհոք քաղաքին մէջ այլ քիւրտ պաշտօնատար մը նշեց‚ որ «Ի տարբերութիւն քրիստոնեաներուն մեծամասնութեան‚ որոնք իրենց նայուածքները ուղղած են դէպի արեւմուտք‚ հայերը անբաժան մասն են մեր ընկերութեան։ Մենք ազգային գետնի վրայ իրարու նման ենք, եւ բազմաթիւ հայեր մեր կողքին կռուեցան ապահովելու մեր անկախութիւնը։ Այն իրողութիւնը‚ որ Աւզրուքի հայերը քրտերէնով կը հաղորդակցին յաւելեալ փաստ է‚ որ մենք եղբայրներ ենք»։
Այս ընկալումը կը շեշտուի ի տես Քիւրտիստանի մէջ ոչ քիւրտ փոքրամասնութիւնները նկարագրելու համար օգտագործուած բառապաշարին։ Քիւրտիստանի սահմանադրութեան համաձայն‚ շրջանը 111 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարան մը ունի‚ որոնցմէ 11-ը վերապահուած է ոչ քիւրտ համայնքներու։ 5 աթոռներ յատկացուած են թիւրքմէններուն‚ 5՝ քրիստոնեաներուն եւ անջատ աթոռ մըն ալ վերապահուած է հայ համայնքին՝ իրողապէս զայն զատորոշելով Քիւրտիստանի մնացեալ քրիստոնեայ բնակչութենէն։
Քիւրտիստանի շրջանային կառավարութեան մէջ իրենց անջատ ներկայացուցչութեան կողքին՝ հայերը ներկայացուած են Տոհուքի եւ Զախոյի քաղաքապետական խորհուրդներուն մէջ՝ աշխուժօրէն մասնակցելով որոշումներու որդեգրման‚ որոնք ոչ միայն կ’ազդեն հայերուն վրայ‚ այլ նաեւ կը վերաբերին աւելի համապարփակ հարցերու. ինչպէս՝ գործի առիթներու ստղեծման‚ ենթակառոյցներու նորոգման եւ ապահովական մտահոգութիւններու։ Օրինակ Հաուրեզքի հայ գիւղացիները կամաւորապէս եւ հերթականութեամբ կը ծառայեն Փեշմերկայ ուժերուն մէջ, իբրեւ գիւղէն նուազ քան 50 մղոն հեռու գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի հետ ճակատին վրայ պահակներ։
Անորոշ ապագայ
Շրջանի հայերուն դիմագրաւած անապահովութիւնը վատթարացնողը տեղւոյն համայնքին զգացած աշխարհասփիւռ հայութենէն եւ Հայաստանի կառավարութենէն լքուածութիւնն ու անտեսումն է‚ ինչպէս նաեւ հետզհետէ աճող զայրոյթը այն իրողութեան դէմ, որ միջազգային համայնքը կը շարունակէ չլուծել թիրախաւորեալ բռնարարքներու ենթարկուող քրիստոնեաներուն զանգուածային գաղթի հարցերը։ Քիւրտիստանի հայ համայնքի անդամները իրերայաջորդ կերպով իրենց յուսախաբութիւնը կ’արտայայտեն, եւ շատեր զուգահեռներ կը գծեն սուրիահայերուն եւ Սուրիոյ մէջ ատենօք կենսունակ համայնքի նոսրացման հետ, շեշտելով որ իրենց ապագան նոյնքան մութ է։
Հայաստանի կառավարութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան կողմէ նկատառելի եւ շօշափելի քայլերու բացակայութիւնը՝ դժգոհութեամբ կ’ընկալուի։ Վերջերս հնչած այն յայտարարութիւնները‚ թէ Հայաստանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ Էրպիլի մէջ հիմնել հիւպատոսարան մը, ինչպէս նաեւ շաբաթական դրութեամբ Էրպիլի եւ Երեւանի միջեւ իրագործուող թռիչքները այս համատարած ընկալումին վրայ չեն ազդեր։
Հիւսիսային Իրաքի մէջ հայ համայնքի մնացորդացը‚ որ Քիւրտիստանի գիւղերը տեղափոխուած է‚ կը գտնուի խաչմերուկի մը վրայ։ Մէկ կողմէ կան անհատներ‚ որոնք կ’ուզեն տեղափոխուիլ Եւրոպա (մասնաւորաբար Հոլանտա եւ Գերմանիա)‚ ուր արդէն ազգականներ ունին‚ սակայն կը մտահոգուին գործ գտնելու եւ Իրաքի մէջ իրենց գործատեղիներուն քայքայման հարցերով։ Միւս կողմէ կան ուրիշներ‚ որոնք վճռած են մնալ Քիւրտիստանի մէջ, թէկուզ հալածանքի եւ անկայունութեան մթնոլորտի մէջ։
Նոյնիսկ եթէ ՏԱՀԵՇ պարտութեան մատնուի‚ Իրաքի մէջ անոնց ապագան յստակ չէ։ Տարիքը մէկ այլ ցուցանիշ է կարծիքի‚ որովհետեւ տեսակէտերը տարիքի համեմատ կը փոխուին. երիտասարդները‚ որոնք Քիւրտիստանի մէջ շինարարական եւ մատուցողական ասպարէզներուն մէջ կ’աշխատին, կը նախընտրեն մնալ Քիւրտիստան, քան թէ արեւմուտքի մէջ անյայտ ապագայ դիմագրաւեն։