Սթանպուլի մէջ հայկական դպրոցի մը պատին վրայ կրկին ցեղապաշտական գրութիւն
Սթանպուլի մէջ կրկին ցեղապաշտական գրութիւն մը տեսնուած է հայկական դպրոցներէն մեկուն պատին վրայ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս» շաբաթաթերթը, այս անգամ թիրախ դարձած է Սթանպուլի Բոմոնթի թաղամասը գտնուող Մխիթարեան վարժարանը:
Ցեղապաշտական գրութեան մասին տեղեկացուած է գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» նախկին պատգամաւոր Այքան Էրտէմիրը: Ան ընկերային ցանցերուն վրայ տարածեր է դպրոցին լուսանկարը, որուն մէջ կը յայտնուի հետեւեալ գրութիւնը. «Գիշեր մը յանկարծակի կը յայտնուինք Ղարաբաղի մէջ»:
Նշենք, որ 2016 թ. ընթացքին այս մէկը Սթանպուլի հայկական դպրոցներու վրայ յարձակման առաջին դէպքը չէ: Օգոստոսին Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Դպրեվանք վարժարանի պատին, իսկ Սեպտեմբերին Սկիւտարի Գալֆայեան դպրոցի ճակատամասին ցեղապաշտական գրութիւններ տեսնուած էին: Ամիսներ անցեր են, բայց դեռյայտնի չէ, թէ ո՛վ կամ ովքե՛ր են այդ արարքներուն հեղինակները:
Այս հարցը քննարկուած է նոյնիսկ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: ԺՀԿ պատգամաւոր Սեզգին Թանրըքուլուն Սեպտեմբերին գրաւոր հարցադրում մը ուղարկած էվարչապետ Բինալի Եըլտըրըմին, սակայն սահմանուած ժամկէտին պատասխան չէր ստացած: