Հալէպը այսօր եւ վաղը
Բըրէմըս, Նիւ Ճըրզի – Վեր. Յարութիւն Սելիմեան՝ Համայնքապետը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայքին, Հինգշաբթի 26 Հոկտեմբեր 2016-ին, հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ), Բըրէմըսի (Նիւ Ճըրզի) Հայ Երիցական եկեղեցւոյ մէջ «Հալէպ Քաղաքի Փրկութիւնը» խորագիրով հրապարակային դասախօսութիւն մը ներկայացուց:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան եւ անդրադառնալով Հալէպի ներկայ վիճակին ըսաւ. «Հիմա որ գիտենք “Ո՞ւր է Հալէպը” եւ “Ի՞նչ է Հալէպը”, թերեւս ժամանակն է հարցնելու թէ “Ի՞նչպէս է Հալէպը, իր արեւելքով եւ յատկապէս արեւմուտքով”։ Ան յիշեց նաեւ ԱՀԱԸ-ի շարունակական նիւթական օժանդակութիւնը Հալէպի Հայութեան եւ աւելցուց թէ հալէպահայեր որոնք հարկը կը զգան ապահովութիւն փնտռելով հեռանալ Հալէպէն, ԱՀԱԸ-ը յատուկ ծրագրով մը պատրաստ է հոգալու անոնց փոխադրութեան բոլոր ծախսերը դէպի Հայրենիք։ Ապա ան բարձր գնահատեց Վեր. Սելիմեանի հսկայ եւ ծաւալուն աշխատանքը եւ նուիրուածութիւնը Սուրիահայ ժողովուրդին։
Պրն. Խանճեանի բացման խօսքին յաջորդեց սահիկներու ցուցադրութիւն մըը։ Առաջինը մասը կը ներկայացնէր “նախապէս եւ ապա” պատկերներ հաստատութիւններու, եկեղեցիներու եւ դպրոցներու Հալէպի, Քեսապի եւ Տէր Զօրի մէջ, զոր ցոյց կու տար անոնց ահաւոր կործանումը։ Երկրորդ մասը կը ներկայացնէր Հալէպահայ համայնքին եռանդուն կեանքն ու գործունէութիւնը եկեղեցիներէն եւ դպրոցներէն ներս, ինչպէս նաեւ կարիքաւորներու ամէն տեսակի նպաստի բաշխումը։
Ապա վերապատուելի Սելիմեան բեմ բարձացաւ ներկայացնելու «Հալէպ Քաղաքի Փրկութիւնը» խորագիրը կրող նիւթը: Վերապատուելին իր խօսքին ընդմէջէն նշեց, թէ Հալէպը քաոսային վիճակ մը կ‘ապրի այսօր եւ համարեա՛ բոլոր շրջաններու իրավիճակը դարձած է ահաւոր: Ան յիշեց, թէ վերջին օրերու Ճգնաժամին մէջ Սուրիոյ ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով, ցեղային, կրօնական, մշակութային պատկանելիութիւններով վնասներ կրեց եւ զոհեր տուաւ, եւ Հայ համայնքը անմասն չմնաց այս դժոխային իրավիճակէն եւ թիրախ դարձաւ ահաբեկչութեան՝ տասնեակ Հայ զոհեր տալով, որոնց կողքին վիրաւորներ: Վերապատուելին մատնանշեց, թէ Սուրիոյ տագնապին մէջ վնաս կրող առաջին եւ վերջին կողմը ժողովուրդն է: Ան անդրադարձաւ տնտեսական տագնապին ու բազում մարտահրաւէրներուն, զոր կը դիմագրաւէ Սուրիացի իւրաքանչիւր քաղաքացի:
Վերապատուելին յուզմունքով անդրադարձաւ 2014 տարեշրջանին Քեսապի ենթարկուած ահաբեկչական յարձակումներուն եւ բնակչութեան տեղահանման, ապա ներկայ իրավիճակին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ներկայացուց:
Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց իւրաքանչիւր անհատի կարեւոր դերը խաղաղութեան հաստատման գծով, որպէսզի կարենանք մեր կեանքը շարունակել աւելի բարօր ու խաղաղ վիճակի մէջ ու ըսաւ. «Հալէպը 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած Հայութեան համար եղաւ ապաստան ու վերականգնումի ամրոց: Հալէպը այն քաղաքն է, ուր մեր նախահայրերը եւ որբուկները թշուառ օրերուն ոտքի կանգնեցան. մեր ժողովուրդը յաղթահարելով բոլոր մարտահրաւէրները յարութիւն առաւ եւ տեղւոյն բնակչութեան հետ ստեղծեց համակեցութեան գեղեցիկ խճանկար մը, որուն կեդրոնը եկեղեցին էր: Այնտեղ ուր եկեղեցի մը գոյութիւն ունէր, կար նաեւ դպրոց մը եւ մշակութային կեդրոն մը: Հալէպահայութիւնը ցոյց տուաւ ամբողջ աշխարհին, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերջ մը չէր: 1915 թուականէն ետք կար ճշմարիտ եւ իսկական յարութիւն մը Հայ ժողովուրդին համար: Տարիներու ընթացքին մեր նախահայրերը հաւատարիմ քաղաքացիները դարձան Սուրիական նոր Հայրենիքին: Անոնք հաւատարիմ մնալով իրենց Հայկական արմատներուն ու նախահայրերուն կերտեցին երկրորդ հայրենիք ու հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն գոյատեւեցին: Ուստի, կը հաւատամ, որ մեր սիրելի Սուրիան մեր՝ Սուրիահայերուս կարիքը ունի, որովհետեւ մենք մեծ դեր ունինք Սուրիոյ վերակառուցման գործընթացին մէջ: Մենք, մեր ժողովուրդին հետ մէկտեղ, յոյսով պիտի սպասենք այն մեծ օրուան, երբ խաղաղութիւնը պիտի տիրէ եւ վերադառնայ մեր սիրելի երկրին եւ մեր համբերութեան փորձութիւնը ապրած ըլլալով, պիտի ճաշակենք Աստուծոյ շնորհքն ու ողորմութիւնը:
Վեր. Յ. Սելիմեան իր խօսքը աւարտեց շնորհակալական խօսք ուղղելով Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան՝ իր յարատեւ աջակցութեան ու ներդրումին համար, յատկապէս վերջին հինգ տարիներու ընթացքին: Վերապատուելին նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն Պրն. Խանճեանին՝ Սուրիահայ ժողովուրդին իր անսակարկ նուիրումին ու զօրակցութեան համար:
Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Վեր. Պերճ Կիւլլէեանի օրհնութեան աղօթքով որուն յաջորդեց յատուկ հիւրասիրութիւն:
ԱՀԱԸ-ը երախտապարտ է բոլոր անոնց, որոնք արձագանգելով աջակցութեան կոչին, այդ երեկոյ գոյացուցին $12,000-ի գումար մը կարիքաւոր Սուրիահայ ընտանիքներուն։ Յատուկ շնորհակալություն Ճօրճ Խորոզեանին՝ իր 70րդ տարեդարձին առիթով կատարած $10,000 տոլարի նուիրատուութեան համար։