Արցախեան Պատերազմի Նահատակներուն Ընդհանուր Թիւը

 

Ստեփանակերտի Արցախեան պատերազմի զոհերու թանգարանի կայքին մէջ (Музей погибших воинов НКР, www.kniga.am) անուն առ անուն տեղադրուած են բոլոր այն մարդոց անունները (անոնց ծնած թուականը, վայրը, որոշ այլ մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ` նկարը), որոնք զոհուած են ինչպէս ռազմական գործողութիւններու ընթացքին` 1991-1994 թուականներ, այնպէս ալ նախապատերազմեան` 1988-1990 թուականներուն (Սումգայիթ, Պաքու, “Օղակ” գործողութիւն), եւ յետպատերազմեան` “ոչ խաղաղութիւն, ոչ պատերազմ”, տարիներուն` 1994-ի մայիսեան անժամկէտ հրադադարէն մինչեւ այսօր:

Հակառակ որոշակի կրկնութիւններու (որոշ անուններ կը հանդիպինք երկու անգամ), ասիկա Արցախեան պատերազմի զոհերու մասին ամէնէն ամբողջական, համապարփակ եւ վստահելի տեղեկատուութիւնն է մինչեւ այսօր հրապարակուածներու շարքին։

Հայկական ուսումնասիրութիւններու«Անի» կեդրոնը կը ներկայացնէ զոհերու վիճակագրական ընդհանուր պատկերը:

Պատերազմի տարիներւն Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան զոհերու ընդհանուր թիւը շուրջ 1.500 է:

Արցախէն եւս շուրջ 2.700 հոգի նահատակուած է ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու ընթացքին, այսինքն` այդ մարդիկ եղած են ազատամարտիկներ կամ իրենց հարազատ տուներու պաշտպաններ:

Եւս շուրջ 300 արցախցի զոհուած է 1994-ի անժամկէտ հրադադարէն ետք:

Արցախի մէջ նահատակուած հայաստանցի ազատամարտիկներուն եւ զինուորներուն թիւը կը կազմէ 2.034 հոգի:

Եւս 1.326 հայաստանցիներ` ազատամարտիկներ, իրենց գիւղերու պաշտպաններ եւ խաղաղ բնակիչներ, զոհուած են պատերազմի տարիներուն Հայաստանի մէջ (հայ-ատրպէյճանական սահմանամերձ կռիւներու ընթացքին):

Հայաստանէն եւ Արցախէն անհետ կորածներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ շուրջ 600 հոգի:

Պատերազմի տարիներուն հայկական կողմէն կռուած եւ զոհուած ռուսերու, ուքրանացիներու ու նախկին խորհրդային այլ հանրապետութիւններու քաղաքացիներուն թիւը 37 է:

Զոհուած սփիւռքահայերու թիւը հոգի է:

Զոհուածներու շարքին կան եւս մէկ տասնեակ իրանահայեր, որոնք, սակայն, նախքան պատերազմը տեղափոխուած էին Հայաստան:

Այս վիճակագրութեան մէջ չեն ներառուած 2015 եւ 2016 թուականներու կորուստները:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.