Ո՞վ է ռուս-թրքական հաշտեցման կնքահայր «Փութինի Ռասփութինը»՝ Ալեքսանտր Տուկինը

 

Ամպերին Զաման al-monitor.com կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ.« Թուրքիոյ խորհդարանին մէջ այսօրուան հրաւիրեալները գաղափար մը կու տան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի «Նոր Թուրքիա»-ի մասին»։ Ան կը գրէ‚ որ մինչ Անգարայի մէջ արեւմուտքցի դեսպանները քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան զօրակցութիւն ցուցաբերեցին քրտամէտ նշեալ կուսակցութեան ղեկավարներու ձերբակալման հարցով‚ մօտակայ սենեակի մը մէջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը հիւրընկալէր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ խորհրդատու Ալեքսանտր Տուկինը։ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ լուսանկարուելու ընթացքին բուռն կերպով հակամերիկեան ռուս ակադեմականը լրագրողներու յայտնեց‚ որ Փութին «Թուրքիոյ կ’առաջարկէ ռազմավարական դաշինք մը եւ բարեկամութեան ձեռք կ’երկարէ»։ Պատասխանելով այն հարցումին‚ թէ այդպիսի դաշինք մը պիտի չհակասէ Թուրքիոյ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան՝ «Փութինի Ռասփութինը» անունով ծանօթ մարդը պատասխանեց.«Այդ մէկը ձեր որոշումն է։ Դուք պիտի որոշէք ով ձեր կողքին կը կանգնի‚ ով է ձեր բարեկամը‚ ով է ձեր թշնամին»։ «Գիտէք‚ թէ ով կը կանգնէր թրքական խորհրդարանը ռմբակոծող մարդոց ետին։ Վստահաբար ոչ Ռուսիան»‚ աւելցուց ան։

Տուկին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նոր սիրելին դարձաւ‚ երբ պնդեց‚ որ Փենսիլվանիոյ մէջ բնակող իսլամ կրօնաւոր Ֆեթհուլլա Կիւլենն ու Միացեալ Նահանգները կը կանգնին 15 Յուլիսի ձախող յեղաշրջման փորձին ետին։ Ան հրաւիրուած էր վկայութիւն տալու այդ դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կատարող խորհրդարանական յանձնախումբի մը առջեւ։

Սակայն Տուկինի հետ սիրոյ սերմերը ցանուած էին Յուլիսէն առաջ։ Յունիսին իր կայքին «Քաթեհոն»-ի վրայ տեղադրուած հարցազրոյցի մը մէջ Տուկին արդէն պնդած էր‚ որ ամերիկացիներն ու կիւլենականները պատասխանատու են Սուրիոյ սահմանին վերեւ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական ռմբաձիգի վար առնուելուն համար։ Ան պնդեց‚ որ ատիկա դաւ մըն էր ռուս-թրքական յարաբերութիւնները անդունդը մղելու համար։

Այդ դէպքը այդ մէկը կատարեց։ Նոյն հարցազրոյցին մէջ Տուկին նաեւ պնդեց‚ որ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ ԱՀմեթ Տաւութօղլուն‚ որ անցեալ տարի պաշտօնէ հեռացուեցաւ‚ Միացեալ Նահանգներու հետ ծրագրած էր Էրտողանը տապալել։ Ան ըսաւ‚ որ Թուրքիոյ նախագահը ներկայիս պիտի թեքի դէպի Ռուսիա։ Թուրքիոյ համար «յաջորդ քայլը» ՕԹԱՆ-էն հեռանալն է եւ մաս կազմել «ամբողջովին տարբեր եւրոասիականութեան մը‚ փոխան արեւմտամտութեան‚ զարգացման ատլանտեանական ձեւին»։

Մինչեւ վերջերս‚ այս ամբողջը կրնար անտեսուիլ իբրեւ դատարկ խօսք։ Սակայն հակամտաւորական Տուկինի ռուսական ղեկավարութեամբ «Եւրասիական միութիւն»-ի պատկերացումը՝ իբրեւ այլընտրանք ամերկեան ղեկավարութեամբ Ատլանտեանական պլոքի շատոնց սրտին խօսած է Թուրքիոյ ծայրայեղ ազգայնականներուն եւ մասնաւորաբար բանակին։

Այս «Եւրոասիանական» սպաները կը պնդեն‚ որ ներկայիս մոռցուած Էրկենեքոն եւ Լախտ դատերը հրամանատարները վնասազերծելու մասին չէին‚ այլ անոնց մէջ անտլանտեանականներու ազդեցութիւնը խթանելը։ Կ’ըսուի‚ թէ ամբաստանութիւններէն անմեղ նկատուելով՝ եւրոասիանականներուն ազդեցութիւնը սկսած է մեծնալ քաղաքականութեան մէջ‚ ներառեալ Մոսկուայի հետ մերձեցման եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ուղղութեամբ վերջերս կատարուած քայլերը։

Նիւեորքեան մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան «Ֆրիտըմ Հաուզ»-ի մէջ «Փոխանցման մէջ եղող ազգեր»-ու տնօրէն Նէյթ Շենքըն յայտնած է.«Ալեքսանտր Տուկինի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան տարբեր հաւաքներուն մէջ երեւիլը ամէնէն բացայայտ նշան է‚ որ ռուս-թրքական մերձեցումը կրնայ աւելի խորքային ըլլալ»։ «Տուկինը ինքնին Մոսկուայի ներկայիս այդքան ալ ազդեցիկ չէ‚ սակայն իբրեւ խորհդանիշ մը կը ներկայացնէ հակաարեւմտեան մասնայատուկ գաղափարախօսութիւն մը‚ որ կրնան հետաքրքրական ըլլալ Թուրքիոյ մէջ կարգ մը տարրերու համար‚ որոնց ազդեցութիւնը կ’աճի։ Անոր Թուրքիոյ մէջ երեւիլը պէտք է Քրեմլինի թոյլտուութեամբ եղած ըլլայ»‚ Շենքըն հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է al-monitor-ի։

Էրտողան եւ անոր դաշնակիցները եւս կրնան Տուկինի տեսակէտներէն ոմանք հետաքրքրական գտնել։ Անոնք գաղտնի չեն պահեր այն իրողութիւնը որ յեղաշրջումի փորձին մէջ Միացեալ Նահանգներու մատը կը տեսնեն։ Ուաշինկթընի յեղաշրջումի փորձի առաջին ժամերուն անոր հեղինակները չդատապարտելը‚ օգտակար չէր։ Այդ մէկը իր կարգին կը բացատրէ‚ թէ ինչու‚ ինչպէս al-monitor-ի Մեթին Կուրճանը վերջերս նշեց‚ ամերիկեան մարզումի տէր այսքան սպաներ թիրախի վերածուեցան մաքրագործումի վերջին արշաւի ընթացքին։

Մինչ Անգարա պիտի չընդառաջէ ՕԹԱՆ-էն հեռանալու Տուկինի կոչին՝ ան բնականաբար կ’ուզէ յստակ պատգամ մը փոխանցել‚ թէ այլընտրանքներ ունի։ Իրապէս ալ‚ կարգ մը արեւմուտքցիներուն մօտ այն տեսակէտը‚ որ Թուրքիոյ արժէչափերը կրնան այլեւս համահունչ չըլլալ ՕԹԱՆ-ին արժէչափերուն՝ նաեւ Անգարայի կարծիքն է։ Սակայն Թուրքիոյ ռազմական դաշինքին անդամակցութիւնը միայն արժէչափերու մասին երբեք չէ եղած։ Անիկա հիմնականին մէջ Եւրոպայի‚ Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ խաչմերուկներուն վրայ ռազմավարական դիրքին մասին է։ Եւ այդ մէկը կը մնայ անփոփոխ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.