Համշենցիները բողոքի ցոյցով կը զօրակցին HDP-ի ձերբակալուած խորհրդարանի անդամներուն

 

Թուրքիոյ Արդուին նահանգի համշէնական Խոպա քաղաքին մէջ բողոքի ցոյց կատարուած է Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան դէմ կատարուող ճնշումներուն և ընդդիմադիր HDP կուսակցութեան խորհրդարանի անդամներու ձերբակալութեան դէմ: Այս մասին կը յայտնէ թրքական Ճումհուրիէթ թերթը: Նշենք, որ Խոպայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմեն համշենահայեր։

Ոստիկանութիւնը փորձած է խոչընդոտել, սակայն ցուցարարներու ջանքերով բողոքի ցոյցը կայացած է:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.