«Թուրքիոյ Ազգային Ուխտի Կողմէ Ճշդուած Սահմանները Կը Ներառեն Կիպրոսը‚ Հալէպը‚ Մուսուլը‚ Պաթումը…»‚ Կ’ըսէ Էրտողան
Պուրաք Պեքտիլ «Կէյթսթոն» հիմնարկի կայքին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ‚ որ արդի պատմութեան մէջ ամէն անգամ‚ որ Թուրքիոյ սիւննիամէտ նոր օսմանականները աշխարհի ալեկոծ այս մասին մէջ դիմած են նախաձեռնողական արտաքին քաղաքականութեան յաւելեալ զոհեր եղած են եւ պետական կամ ոչ պետական դերակատարներու համար‚ ներառեալ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Թուրքիոյ համար բարի աւարտներ չեն եղած։ Մինչ Թուրքիա-Սուրիա-Իրաք եռանկիւնին մէջ բազմաթիւ պատերազմները կը դառնան աւելի վայրաք ու բարդ՝ Թուրքիան կը շարունակէ նշանակը բարձրացնել իր կայսերական անցեալը վերակենդանացնելու վտանգաւոր ու անհեթեթ իր փափաքով։ Էրտողան կը թուի վճռած ըլլալ որեւէ պատերազմ մղել՝ այն յոյսով‚ որ շրջանին վրայ թրքական-սիւննիական վերահսկողութիւն պիտի հաստատէ։ «Ան կը սխալի»‚ կը գրէ Պեքտիլ։
Իր վերջերս արտասանած ճարերուն մէջ Էրտողան յաջախ նշած է շատոնց մոռցուած այն արաբական նախադասութիւնը‚ որ կը խօսի իւրաքանչիւր թուրքի սրտին ու մտքին՝ Միսագ-ի Միլլի (Ազգային ուխտ)։
12 փետրուար 1920-ին‚ օսմանեան վերջին խորհրդարանը հռչակեց շարք մը որոշումներ‚ որոնք արդի Թուրքիոյ հիմադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կողմէ որդեգրուեցաւ իբրեւ «մեր անկախութեան գլխաւոր սկզբունքը»։ Այլ սկզբունքներու կողքին Միսագ-ի Միլլին ճշդեց արդի Թուրքիոյ սահմանները‚ ուղեցոյց մըն էր‚ որ թրքական հանրապետութեան սահմանները ուր պիտի սկսին ու աւարտին։ Անիկա պիտի օգտագործուէր Լոզանի դաշնագիրին մէջ նոր թրքական հանրապետութեան պնդումներուն համար։
Միսագ-ի Միլիի համաձայն‚ «Մուտրոսի զինադադարի ստորագրութեան ժամանակ արաբ մեծամասնութեամբ բնակուած հողամասերուն ապագան պիտի ճշդուի հանրաքուէի ճամբով»։ Միւս կողմէ՝ այն հողամասերը‚ որոնք օրին գրաւուած չէին եւ որոնց բնակչութեան մեծամասնութիւնը թուրք էր կը նկատուի թուրք ժողովուրդին հայրենիքը։ Կարսի‚ Արտահանի (այդ օրէն թրքական նահանգներ) եւ Պաթումի (Վրաստանի նահանգ մը) կարգավիճակը կրնայ ճշդուիլ հանրաքուէի ճամբով։ Արեւմտեան Թրակիոյ (Յունաստան) կարգավիճակը պիտի ճշդուի անոր բնակիչներու քուէներով։
Միսագ-ի Միլլին նաեւ պնդեց‚ որ օսմանեան նախկին նահանգ Մուսուլը պէտք է ըլլայ թրքական նահանգ մը։ Փոխարէնը Մուսուլը սկիզբը ձգուեցաւ բրիտանական վերահսկողութեան տակ‚ ապա դարձաւ իրաքեան նահանգ մը։ Մուսուլը ներկայիս Իրաքի երկրորդ մեծագոյն քաղաքն է‚ սակայն ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւուած է։
Այս ամիս նախարարաց խորհուրդի նիստի ընթացքին ըստ տեղեկութեանց‚ Էրտողան նախարարներուն ըսած է.«Թուրքիան ներկայ պահուս այլեւս չի կրնար նոյնը մնալ։ Սթաթիւ Քոն ձեւով մը պիտի փոխուի։ Կամ յառաջ պիտի ընթանանք կամ պիտի դատապարտուած ենք կծկուելու։ Ես վճռակամ եմ դէպի յառաջ շարժելու»։
Մէկ այլ խօսքի մը ընթացքին Էրտողան ըսաւ.« Թուրքիան պարզապէս Թուրքիան չէ։ Անկախ իր 79 միլիոն քաղաքացիներէ‚ ան նաեւ պատասխանատու է հարիւր միլիոնաւոր մեր եղբայրներուն‚ որոնք կը գտնուին աշխարհագրական շրջանին մէջ‚ որուն մենք կապուած ենք պատմական ու մշակութային կապերով… Որոշ պատմաբաններ կը հաւատան‚ որ Ազգային ուխտի կողմէ ճշդուած սահմանները կը ներառեն Կիպրոսը‚ Հալէպը‚ Մուսուլը‚ Իրպիլը‚ Քիրքուքը‚ Պաթումը‚ Թեսաղոնիկէն‚ Քարծալին‚ Վառնան եւ Եգէականի (յունական) կղզիները»։
Այդ բոլորը ի՞նչ կը նշանակէ‚ մանաւանդ երբ Թուրքիոյ նախագահը իւրաքանչիւր օր բոլորին կը յիշեցնէ Միսագ-ի Միլլին‚ եւ երբ դաշնակիցները կը ծրագրեն ՏԱՀԵՇ-ը Մուսուլէն դուրս մղելու յարձակում մը շղթայազերծել։ Կը նշանակէ թէ սիւննի Թուրքիան կը վախնայ իր Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ իր հարաւային սահմաններուն վրայ շիիական (եւ քրտական) ապագայ ընդարձակումէն։ Ատոր դէմ դնելու համար՝ Էրտողան կը յուսայ կառուցել օսմանամէտ սիւննի շրջան մը ընդդէմ իրանեան գերակայութեան։
Էրտողան շատ լաւ գիտէ‚ որ չի կրնար 80 միլիոն շիի իրանցիները սիւնի դարձնել։ Սակայն կը վախնայ‚ որ Իրան կրնայ շուրջ 1400 քիլոմեթր երկարութեամբ իր հարաւային սահմաններուն վրայ շիի վերահսկողութեան տակ թշնամական գօտի մը ստեղծել։ Ան նաեւ կը վախնայ‚ որ Իրան կրնայ գումակային աջակցութիւն ցուցաբերել Թուրքիոյ քիւրտ թշնամիներուն եւ Թուրքիոյ տարածքին յաւելեալ բռնարարքներու քաոս յառաջացնել։
Էրտողանի սիւննիականութեան եւ իրանեան աջակցութիւն վայելող շիիներուն միջեւ լարուածութիւնը նոր բարձրութեան հասաւ‚ երբ Անգարա պնդեց‚ որ շիի ուժեր չեն կրնար մասնակցիլ Մուսուլի դէմ յարձակումին‚ փոխարէնը‚ Թուրքիա կը պնդէ‚ որ հիւսիսային Իրաքի մէջ Անգարայի աջակցութիւնը վայելող սիւննի իսլամական խմբաւորումներ եւ բարեկամական քրտական փեշմերկաներ պէտք է մասնակցին Մուսուլը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու միջազգային արշաւին։ Սակայն մէկ բարդութիւն մը կայ։ Մուսուլը Միսագ-ի Միլիի հիմամբ՝ թրքական հողամաս մը չէ‚ այլ իրաքեան հողամաս է։ Եւ շիիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող իրաքեան կառավարութիւնը չուզեր գետնի վրայ թրքական կամ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող սիւննի զինուորներ տեսնել։
Մուսուլի դէմ դաշնակից ուժերու յարձակումի շղթայազերծումէն ետք Անգարայի եւ Պաղտատի միջեւ լարուածութիւնը նոր բարձրութեան հասաւ։ Իրաքի շիի կրօնաւոր Մոքթատա Սատըրի համակիրները 17 Հոկտեմբերին թրքական դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց մը կատարեցին‚ երբ կրօնաւորը կոչ ուղղեց բողոքի ցոյց կատարել պահանջելով թրքական ուժերու հեռացումը հիւսիսային Իրաքի Պաաշիքա ճամբարէն‚ ուր քանի մը հարիւր թուրք զինուորներ սիւննի միլիսներ կը մարզեն Մուսուլը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու համար։ Ճամբարին մէջ թրքական ներկայութիւնն ու ցոյցերը երկու երկիրներուն միջեւ բանավէճ ստեղծեցին։ Սատըրի հետեւորդները բացագանչեցին «Հեռացի՛ր‚ հեռացի՛ր բռնագրաւող» եւ «Այո՛‚ այո՛ Իրաքի»։ Պաղտատ կ’ուզէ‚ որ թրքական ուժերը հեռանան‚ սակայն Թուրքիա կը մերժէ հեռանալ։ Ամբողջ հարցը հետզհետէ կը վերածուի թուրք-իրանեան անուղղակի պատերազմի։
Էրտողան 18 հոկտեմբերին ըսաւ.« Եթէ կ’ուզենք թէ սեղանին ու դաշտին մէջ ըլլալ‚ պատճառ մը կայ… Այն ինչ որ «Պաղտատ» կը կոչենք շիիներէ բաղկացած բանակի մը վարիչն է։ Անոնց հետ պիտի խօսի՞նք։ Անոնք կ’ըսեն‚ թէ 30‚000 շիիներ կու գան։ Պէտք է պատրաստ ըլլան այն բանին որ պիտի դիմակայեն»։
Մինչ շիի իրաքցիներ կը բողոքէին իրենց երկրին մէջ թրքական զինուորական ներկայութեան դէմ՝ թրքական օդուժը‚ ըստ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի‚ կը մասնակցէր Մուսուլի վերագրաւման իրաքեան եւ քրտական յարձակումին։
Մինչ այդ՝ թրքական բանակը 24 օգոստոսէն ի վեր թիկունք կը կանքնի «չափաւորական» իսլամական ըմբոստներու հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոններուն դէմ յարձակումին։ Այս եւս անուղղակի պատերազ մըն է։ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող «չափաւորական» ժիհատականները կը կռուին նուազ չափաւորական ՏԱՀԵՇ-ի ժիհատականներուն դէմ եւ անոնցմէ գրաւած են 1240 քառակուսի քիլոմեթր տարածք մը։
Սուրիոյ մէջ եւս Թուրքիոյ ռազմավարական պատերազմը մարտավարական թիրախ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ չէ։ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելով եւ իր աջակցութիւնը վայլեող «չափաւորականներու» բանակով յառաջխաղացք արձանագրելով՝ Անգարա կ’ուզէ արգելակել հիւսիսային Սուրիոյ մէջ որեւէ շիի եւ-կամ քրտական յառաջխաղացք։
«Թուրքիոյ (ոչ իսլամական) «Ազգային ուխտ»՝ Միսագ-ի Միլլի ախտը նոր ոգի ստացաւ նոր օսմանական դրօշին տակ յառաջացած իսլամականներով։ Այս մէկը լաւ լուր մը չէ ո՛չ շրջանին‚ ո՛չ Թուրքիոյ արեւմուտքցի բարեկամներուն‚ ո՛չ ալ ինքնին Թուրքիոյ համար»‚ կ’եզրափակէ Պուրաք Պեքտիլ։