Թրքական արտադրութեամբ առաջին հրթիռի հեղինակն է հայազգի Գրիգոր Տիվարճըն

 

«Լիստէլիստ.քոմ» կայքէջը անդրադարձած է թրքական արտադրութեամբ առաջին հրթիռի հեղինակ Գրիգոր Տիվարճըին մասին, նշելով որ շատերու համար անծանօթ այս անունը իրականութեան մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հրթիռաշինութեան հիմնադիրն է:

1959-ին Մարմարա ծովու ափին, Պանտըրմա քաղաքին մէջ լիսէի աշակերտներու կողմէ հիմնուեցաւ աննախադէպ նախագիծ մը՝ «Պանտըրմա հրթիռային ակումբ»ը: Սեփական նախաձեռնութեամբ խումբ մը երիտասարդներ սկսան զանազան ուսումնասիրութիւններ ու փորձեր կատարել: Այդ երիտասարդներուն մէջ կը գտնուէր նաեւ հայազգի Գրիգոր Տիվարճըն, որ յետագային դարձաւ թրքական արտադրութեամբ առաջին հրթիռին նախագծողը:

Ընդամէնը երեք տարի ետք, 19 Սեպտեմբեր 1962-ին, թրքական զինեալ ուժերուն անմիջական աջակցութեամբ, Տիվարճըի հեղինակած առաջին հրթիռը ենթարկուեցաւ առաջին փորձարկման: Հայազգի երիտասարդ գիտնականը այնքան ոգեւորուած էր իր նախագիծով, որ իր խօսեցեալին հետ միասին հաւաքած 400 լիրան ներդրաւ այս նախագիծին:

Մարմարա-1 անուանուած այս հրթիռը, որ 1.5 քիլօ կը կշռէ եւ ունի 1.33 սանթիմեթր երկարութիւն, պատմութեան մէջ գրնացուեցաւ որպէս Թուրքիոյ «առաջին իսկական հրթիռ»ը: Հրթիռին վրայ պատկերուած էին կիսալուսինն ու աստղը:

Հայազգի գիտնականը շարունակելով իր գործունէութիւնը, ձեռնամուխ եղաւ որ «Պանտըրմայի հրթիռային ակումբ»ը գրասենեակներ բանայ Անգարայի եւ Իսթանպուլի մէջ: Մարմարա-1-ին յաջորդեցին Մարմարա-2-ը, այնուհետեւ Հիւրրիէթ-1 եւ Հիւրրիէթ-2 հրթիռները: Սակայն Գրիգոր Տիվարճըի անունը այդպէս ալ անծանօթ մնաց թուրք երիտասարդութեան շրջանակներուն մէջ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.