Սեպուհ Արքեպիսկոպոս Ջուլճեանը` Պոլսոյ հայոց պատրիարքի թեկնածու

 

Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ Արքեպիսկոպոս Ջուլճեանը յայտարարած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մասին: «Ես, որպէս Հայկական առաքելական եկեղեցւոյ սպասաւոր, միեւնոյն ժամանակ՝ Մալաթիա ծնած անձնաւորութիւն, որպէս թեկնածու պիտի մասնակցիմ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն: Պատրաստ եմ ծառայելու Թուրքիոյ բարեպաշտ հայ ժողովրդին», ըսած է Սեպուհ Արքեպիսկոպոս Ջուլճեանը «Ակօս» թերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ:

Ջուլճեանը նշած է, որ պէտք չէ կրկնել հին սխալները, հակասական եւ կասկածելի քայլերով չազդել ընտրական գործընթացին վրայ` կասեցնելով անոր վրայ ազդող իւրաքանչիւր արգելք: Վերջինս ընդգծած է նաեւ, որ պէտք է մէկ կողմ դրուին անձնական հաւակնութիւններն ու զգացմունքները` մտածելով պոլսահայ համայնքի եւ պատրիարքարանի շահերուն մասին, յարգել ընտրողներուն եւ ընտրուողներուն իրաւունքները, ինչպէս նաեւ թեկնածուներուն համար հաւասար եւ արդարացի պայմաններ ստեղծել: Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Հոկտեմբեր 26-ին հրապարակած էր ներկայ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանին անգործունեայ կարգավիճակի որոշումը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.