Պատմական Սեբաստիոյ Հայկական Գերեզմանատան Մէջ Հոգեհանգիստի Կարգ Մատուցուած է

 

Թուրքիոյ Սիվաս (Սեբաստիա) նահանգի Զառա շրջանին մէջ գտնուող  հայկական գերեզմանատան մէջ երկարատեւ դադարէ ետք հոգեհանգիստի կարգ կատարուած է:  Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական  «HaberTürk» լրատուակայքը կը տեղեկացնէ` արարողութեան մասնակցելու համար Զառա ժամանած է նաեւ  38 հոգիէ բաղկացած խումբ մը պոլսահայ: Անոնք յարգանքի տուրք մատուցած են այդ գերեզմանոցին մէջ հանգչող իրենց նախնիներուն:

Հոգեհանգստի կարգը մատուցելէ ետք ելոյթ ունեցած հայր Զոհրապ Ջիւանեան նշած է, որ գերեզմանոցին մէջ վերջին անգամ յուղարկաւորութիւն կատարուած էր 1958-ին: Ատկէ ետք այստեղ հոգեհանգստի կարգ այլեւս չէ կատարուած:

Յիշեցնենք, որ Զառայի հայկական գերեզմանատունը յայտնաբերուած էր քանի մը տարի առաջ` Սիվաս այցելած պոլսահայ «Հայճար» ճարտարապետներու միութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ:  Այնուհետեւ տեղի գործարար Ֆեթհի Արասի ֆինանսաւորմամբ գերեզմանատան տարածքին մէջ վերականգնողական աշխատանքներ կատարուած են:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.