Արամ Ա. Վեհափառ հանդիպեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ
1046
0
Հոկտեմբեր 7-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Մոնթրէալի Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի համալիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ։
Հանդիպման ընթացքին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան համապարփակօրէն ներկայացուց Գանատահայութեան այսօրուան իրավիճակը, շեշտելով ներգաղութային իրավիճակը, սուրիահայ ներգաղթողներու հարցը եւ մանաւանդ գանատահայութեան մէջ նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան հարցը ։
Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքի իր խօսքը ուղղեց Գանատայի մէջ հայութեան դատի պաշտպան Հայ Դատի յանձնախումբին։