Վանաձորի Մէջ Երդման Արարողութիւն. Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն
1278
0
23-25 սեպտեմբերին Լոռիի մարզի Վանաձոր քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան անդամակցած նորագիրներու համար նախատեսուած ծրագիրով երկրորդ սեմինար-բանակումը, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն, շուրջ երկու տասնեակ նոր ընկերներ միացան կուսակցութեան շարքերուն:
Երիտասարդները իրենց պատուով եւ հայրենիքով երդում տուին` միշտ հաւատարիմ մնալ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծրագիրին, կանոնագիրին եւ որոշումներուն, եւ ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին: