Մխիթարեանի Վնասուածքը Կրկնուած Է


heno_91516

Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան 10 օր պիտի բացակայի դաշտերէն:

Մանչեսթըր Սիթիի դէմ Անգլիոյ ախոյեանութեան չորրորդ հանգրուանի մրցումին, Հայաստանի հաւաքականի խմբապետին ազդրի վնասուածքը կրկնուած է:

Մխիթարեան ձախ ազդրի մկանը վիրաւորած էր Չեխիոյ հաւաքականին դէմ 31 օգոստոսին Մլատա Պոլեսլաւի մէջ տեղի ունեցած բարեկամական մրցումին, որուն ընթացքին  փոխարինուած էր 38-րդ վայրկեանին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.