Հայ Դատի Գանատայի գործունէութեան ի նպաստ Հանգանակային ընդունելութիւն
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, Հայ Դատի Գանատայի գործունէութեան ի նպաստ Հանգանակային ընդունելութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 18 Սեպտեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 7-ին Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի Ա. Ահարոնեան սրահէն ներս:
Ընդունելութեան ներկայ պիտի գտնուին Հայ Դատի Կեդրոնական, Միացեալ նահանգներու եւ Գանատայի (շրջանային եւ տեղական) գրասենեակներու ներկայացուցիչներ:
նուիրատուութեան սակ՝ զոյգը 500 տոլար: Տոմսերը ապահովելու համար հեռաձայնել՝ 514- 334-1299 թիւին։
Հանգանակային ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան նաեւ հետեւեալ քաղաքներուն մէջ.
– Սէնթ Գաթրինզ եւ Համիլթըն՝ 2016 Հոկտեմբեր 1, Սէնթ Գաթրինզի Հայ կեդրոնէն ներս.
– Գէմպրիճ՝ 2016 Հոկտեմբեր 2, Գէմպրիճի Հայ կեդրոնէն ներս.
– Թորոնթօ՝ 2016 Հոկտեմբեր 21, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնէն ներս.
– Վանգուվըր՝ 2016 Նոյեմբեր 5, Վանգուվըրի Հայ կեդրոնէն ներս։