Մուսա Լերան Հայութեան Հակիրճ Պատմութիւնը
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 101-ամեակ
Սոյն յօդուածը հակիրճ տեղեկագրութիւնն է Մուսա լերան հայութեան պատմութեան՝ 19-րդ դարու կէսերէն մինչեւ ներկայ օրերը։ Մուսա լեռը կը գտնուէր Միջերկրական ծովու ափին, Սուէտիոյ ենթագաւառին մէջ, Անտիոք գաւառ, օսմանեան Հալէպ նահանգ։ Ներկայիս անիկա կը գտնուի Թուրքիոյ Հաթայ նահանգի Սամանատաղ գաւառին մէջ։
Կ՛ենթադրուի, որ հայեր Մուսա լեռ ապրած են հնադարեան ժամանակներէն։ Ցայսօր անոնց արմատներու սկզբնաղբիւրը կը մնայ անորոշութեամբ պատուած։ Անոնք կը խօսէին «Քիսթինիք» կոչուած բարբառը, որ կը նշանակէ քրիստոնեաներու լեզու։ 19րդ դարուն հոն գոյութիւն ունէին հայկական վեց հիմնական գիւղեր՝ Պիթիաս, Հաճի Հապիպլի, Եողունօլուք, Խըտըր Պէյ, Վագըֆ եւ Քապուսիէ՝ 6000 ընդհանուր բնակչութեամբ։ Սկզբնական գիւղերը, որոնցմէ յառաջացած են միւսները, Հաճին Հապիպլին, Եողունօլուքն ու Քապուսիէն են։
Տասնիններորդ դարը եւ քսաներորդի սկիզբը վկայեցին փոփոխութեան ժամանակաշրջան մը, որ ձեւափոխեց մուսալեռցին՝ մեկուսացած, խաւարի մէջ գտնուող եւ տգէտ խմբաւորումէ մը գիտակից հաւաքականութեան, որ կը պայքարի իր գոյութեան համար, իբրեւ մէկ մասնիկը Օսմանեան կայսրութեան աւելի մեծ հայ համայնքին՝ դիմագրաւելով կատարեալ բնաջնջումը իր՝ Երիտասարդ թուրքերու կառավարութեան կողմէ: Զանազան ազդակներ պատճառ դարձան այս փոխակերպութեան: Ճոն Պարքըր անունով հանգստեան կոչուած անգլիացի դիւանագէտը, որ ամառնային բնակարան մը ունէր Պիթիասի մէջ եւ այլ կալուած մը՝ Խըտըր Պէյի, աշխարհի ամէն կողմերէն ձեռք բերուած բոյսերով եւ պտուղներով փորձարկութիւններ կատարեց, բարելաւեց սերմերը շերամաբուծութեան, որ տարածաշրջանի գլխաւոր արհեստն էր, եւ համաճարակ հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու համար ներմուծեց բժշկական միջոցներ: Նոյնքան կարեւոր իրողութիւն մը. իրեն այցելող օտար ճամբորդներ, արձանագրուած տարեգրութեան ամբողջ ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով Մուսա լեռը արտաքին աշխարհին ծանօթացուցին: Նոյնպէս, 1940-էն սկսեալ, ամերիկացի բողոքական աւետարանիչներ Մուսա լերան մէջ կատարացին թափանցումներ, որոնք առաջնորդեցին Բողոքական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան Պիթիասի մէջ՝ 1857-ին, եւ Եողունօլուքի՝ 1869-70-ին: Հաւասարութեան եւ ազատութեան ամերիկեան իտէալներու ուղղակի եւ անուղղակի ուսուցումները որոշ չափով ազդեցութիւն ունեցան մարդոց մտածելակերպին վրայ: Ապա, Եւրոպայէն եկան քափուչին աւետարանիչները եւ 1891-ին Խըտըր Պէյի մէջ հիմնեցին Ս. Պօղոս առաքելութիւնը: Անոնց ներկայութիւնը եւս՝ մարդու իրաւունքներու եւրոպական ըմբռնումներուն իմաստով, տեղացիներուն վրայ ազդեցութիւն գործեց:
Հայ կղերականներ, դաստիարակներ եւ յեղափոխականներ նոյնպէս այցելեցին Մուսա լեռ, տասնիններորդ դարու կէսերէն սկսեալ: 1863-ին, երբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ «Ազգային Սահմանադրութիւն Հայոց»-ը յայտարարուեցաւ, Հալէպի առաջնորդարանը դէպի Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան շրջանի իր թեմերը կղերականներ առաքեց՝ կատարելու համար բարեկարգումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք, Մուսա լերան Առաքելական համայնքին մեծամասնութիւնը, հակառակ դժուարութիւններու, ենթարկուեցաւ դրական փոփոխութիւններու: Այսպէս, կայսրութեան մէջ յառաջացող ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական Հայկական Զարթօնքին իբրեւ հետեւանք, Մուսա լերան մէջ հիմնուեցան նախնական «ազգային» վարժարաններ, ուր մատղաշ սերունդը սկսաւ սորվելու հայկական քաղաքակրթութեան եւ անոր իրագործումներուն մասին:
Յեղափոխական ընկերութիւններ Մուսա լեռ թափանցեցին 1890-ականներէն: Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) անդամ դրսեցի գործիչներ այնտեղ հաստատուեցան՝ «բացարձակ միապետութիւն» հիմնելով, 1893-96-ին: Մեծ թիւով մուսալեռցիներ, ներառեալ բազմաթիւ կիներ, անդամակցեցան ՍԴՀԿին, հետեւեցան անոր վարդապետութեան եւ ենթարկուեցան կարգ մը մարտական մարզումներու: Այսպիսով, որոշ աստիճանի «ցեղային գիտակցութիւն» տիրացուեցաւ: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) Մուսա լերան նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց 1895-96-ի Զէյթունի ապստամբութեան ընթացքին: Գործիչներ Մուսա լեռ ուղարկուեցան վաղ 1890-ականներուն՝ տարածելու համար կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնն ու ծրագիրը: Առաջին ՀՅԴ ենթակոմիտէն հիմնուեցաւ 1908-ին: Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը հոն իր կորիզը ունէր 1911-էն սկսեալ, Հաճի Հապիպլիի մէջ, եւ կարգ մը հետեւորդներ՝ այլ գիւղերու մէջ: Երեք կուսակցութիւններն ալ ինքնապաշտպանութեան նպատակով Մուսա լեռ ներածեցին զէնք, սակայն անոր յարաբերական քանակը կարելի չէ ստուգել: Ինքնապաշտպանութեան կարիքը շեշտուեցաւ 1909-ի Կիլիկիոյ եւ հիւսիս-արեւմտեան Սուրիոյ ջարդերուն ընթացքին: Մուսա լեռը նախճիրէն փրկուեցաւ շնորհիւ ինքնապաշտպանական միջոցառումներուն եւ անգլիական պատերազմական նաւուն, որ կասեցուց իսլամ ոճրագործներու Մուսա լեռ յարձակումը:
1915-ի Յուլիսի վերջաւորութեան, երբ Մուսա լեռը տեղահանութեան հրաման ստացաւ, ժողովուրդին երկու-երրորդը ընտրեց ընդդիմութիւնը, մինչ մէկ-երրորդը ենթարկուեցաւ հրամանին եւ տեղահանուելով՝ ուղարկուեցաւ Սուրիոյ Համա քաղաքը եւ շրջակայքը: Անոնց կէսէն աւելին բնաջնջուեցաւ՝ կիզիչ արեւուն, սնունդի պակասին եւ հիւանդութիւններու իբրեւ արդիւնք: Յանդուգն մեծամասնութիւնը կռուեցաւ օսմանեան բանակին եւ անկանոն զօրքերու դէմ, աւելի քան քառասուն օրեր, ապա փրկուեցաւ ծովեզերեայ շրջանները հսկող ֆրանսական պատերազմական նաւերուն կողմէ ու տարուեցաւ Եգիպտոս, ուր մնաց չորս տարի, գաղթակայանի մը մէջ, Սուէզի ջրանցքի արեւելեան ափերուն, Փոր Սայիտի մօտակայքը: Միջազգային մամուլը խմբագրականներով, յօդուածներով եւ պատկերներով անդրադարձաւ հերոսապատումին: Աշխարհի չորս կողմերէն նիւթական օժանդակութիւններ հեղուեցան կացարանէն ներս: 1933-ին, Ֆրանց Վերֆել՝ Վիեննա, Աւստրիա ապրող հրեայ մը, հրատարակեց պատմավէպ մը՝ «Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը» խորագիրով: Յաջորդող տարիներուն, պատմավէպը իր գերմաներէն բնագիրէն թարգմանուեցաւ բազմաթիւ այլ լեզուներու: Մուսա լեռը երկրագունդի տարածքին դարձաւ առտնին անուն մը, եւ հերոսապատումը անմահացաւ: Անիկա նաեւ ներշնչեց արուեստագէտներ թէ մտաւորականներ հաւասարապէս՝ ստեղծելու գործեր, որոնք ոգեւորեցին յատկապէս ճնշուած ժողովուրդները՝ գոյատեւելու յոյսի պատգամով: Դժբախտաբար, ֆիլմաշխարհի հսկային՝ «Մեթրօ-Կոլտուին-Մէյըր»-ի (MGM) այդ մասին ֆիլմի մը ծրագիրը դարակ նետուեցաւ, Ուաշինկթընի մօտ թրքական դեսպանատան եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ բանեցուած ճնշումներուն պատճառաւ: Բարեբախտաբար, այլ ֆիլմ մը ներկայիս ընթացքի մէջ է։
Փոր Սայիտի մէջ ապաստանեալներ ապրեցան վրաններու տակ, ուր անոնք կը կերակրուէին հացի փուռերու, խոհանոցի մը եւ սննդակտրօններու խոհանոցի մը միջոցաւ: Երեխաներ յաճախեցին Սիսուան (Կիլիկիոյ հին անունը) դպրոցը, որ կը ղեկավարուէր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ: Հիւանդները կը պատսպարուէին Հայկական Կարմիր Խաչին կողմէ ղեկավարուող դարմանատուն-հիւանդանոց վրաններու տակ: Այր մարդիկ եւ կիներ՝ հաւասարապէս, կ՛աշխատէին ճարտարարուեստական զանազան մարզերու մէջ, որոնք կը գործէին Ամերիկեան Կարմիր Խաչին եւ «Հայաստանի Բարեկամներ» անգլիական ընկերութեան կողմէ: 1916-ին, շուրջ 500-600 երիտասարդներ ողնասիւնը կազմեցին ֆրանսական «Արեւելքի Լեգէոն»-ին (Legion dOrient). յետագային, անիկա վերակոչուեցաւ «Հայկական Լեգէոն» (Legion Armenienne): Այս ուժը աճելով Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն եւ այլ վայրերէ եկած կամաւորներու թիւով՝ յաղթականօրէն կռուեցաւ օսմանեան բանակին դէմ Արարայի ճակատամարտին, Պաղեստինի մէջ, 19 Սեպտեմբեր 1918-ին, եւ դիւրացուց դաշնակիցներուն կողմէ Մեծն Սուրիոյ մնացեալ մասին, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ գրաւումը։
1919-ին, Փոր Սայիտի ապաստանեալներն ու Համայէն վերապրողները ներգաղթեցին Մուսա լեռ: Յաջորդ երկու տասնամեակները վկայեցին վերակառուցում եւ վերսկսում հին մասնագիտութիւններու, ինչպէս՝ սանտրի, դգալի եւ ածուխի արտադրութիւն ու շերամագործութիւն եւ երկրագործութիւն: Հիւսուածեղէնի նոր գործարանը աւելի լաւ ապագայի յոյս ներշնչեց: Յատկապէս Պիթիասը դարձաւ զբօսաշրջիկութեան եւ արձակուրդի ժողովրդական կեդրոն: Երեք յարանուանութիւնները վերաբացին իրենց եկեղեցիներն ու դպրոցները: Կամաւոր միութիւններ ձգտեցան բարելաւել կրօնական, դաստիարակչական, ընկերային եւ մշակութային կեանքը: ՍԴՀԿ-ն ու ՀՅԴ-ն մրցեցան քաղաքական գերակայութիւն հաստատելու՝ տեղական խորհուրդներու եւ շրջանային օրէնսդրութեանց միջոցաւ. ՀՅԴ-ն յաջողութիւն արձանագրեց սոյն մրցակցութեան մէջ: Դժբախտաբար, այս բոլորը յանկարծական կերպով վերջ գտան 1939-ի ամրան, երբ Ֆրանսան՝ հիւսիս-արեւմտեան Սուրիոյ ինքնավար գաւառ Իսկենտերուն-Ալեքսանտրէթ Սանճագը, ներառեալ Մուսա լեռը եւ հայկական այլ վայրեր, յանձնեց Թուրքիոյ: Հայերուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ընտրեց հեռանալ շրջանէն դէպի Սուրիոյ այլ վայրեր եւ Լիբանան՝ վախնալով թրքական իշխանութենէն։
Մուսալեռցիներուն միայն 6 տոկոսը որոշեց մնալ: Մնացողները ներկայիս կեդրոնացած են Վագըֆի մէջ, որ վերջերս կը ներկայացուի իբրեւ Թուրքիոյ մէջ մնացած միակ հայկական գիւղը:
Մեծամասնութիւնը, որ հեռացաւ Մուսա լեռէն, ժամանակաւորապէս բանակեցաւ Ռաս էլ Պասիթ, որ կը գտնուի Միջերկրականի եզրին՝ Քեսապի եւ Լաթաքիոյ միջեւ: Ապա ժողովուրդը վերատեղաւորուեցաւ Լիբանանի Այնճար կոչուած վայրը, Պեքաայի հովիտին մէջ: Սուրիոյ եւ Լիբանանի Ֆրանսական Բարձր Հոգատարութիւնը ոչ միայն գնեց հողատարածքը, այլեւ կառուցեց բնակարանները: Մեծ դժուարութեամբ, յոգնաջան աշխատանքով եւ յարատեւութեամբ, Այնճարը ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ կենսունակ գիւղական համայնքի: Անցեալ տարի անիկա նշեց իր 75-րդ ամեակը: 1946-47-ին, Այնճարի ժողովուրդի կէսէն աւելին հաստատուեցաւ Խորհրդային Հայաստան:
Ո՛ւր ալ գտնուին, մուսալեռցիք ամէն տարի կը յիշատակեն 1915-ի իրենց հերոսական արարքը։ Անոնք նաեւ յուշակոթողներ բարձրացուցած են. Տամաճլիքի յուշակոթողի բացումը՝ ինքնին Մուսա լերան մէջ, մեծ շուքով եւ հանգամանքով կատարուեցաւ 18 Սեպտեմբեր 1932-ին: Անոր կողքին թաղուեցան հերոսամարտի 18 նահատակներու աճիւնները՝ ցանկապատուած գերեզմանատան մէջ: Հայաստանի մէջ, վեհաշուք յուշակոթող մը եւ յարակից թանգարան մը կանգնեցան բլուրի կատարին Մուսա լեռ աւանի, որ կը գտնուի մայրաքաղաք Երեւանի եւ Ս. Աթոռ Էջմիածինի միջեւ: Այնճարի մէջ յիշատակի կառոյց մը կը գտնուի Յառաջ երկրորդական վարժարանին եւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ միջեւ: Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Քեմպրիճ քաղաքին մէջ, յիշատակի կառոյց մը նոյնպէս կը հրապուրէ տօնողները ամէն տարի Սեպտեմբերին:
Հայոց Ցեղասպանութեան դէմ Մուսա լերան դիմադրութեան այս հարիւրամեակին, մարտահրաւէրներ տակաւին կը յամենան: Ինչպէ՞ս պահպանել մուսալեռցիի ինքնութիւնը: Ինչպէ՞ս պահպանել բարբառը: Ինչպէ՞ս հաղորդել պատմութիւնը: Ինչպէ՞ս արթնցնել ապագայ սերունդներու գիտակցութիւնը իրենց արմատներուն նկատմամբ եւ այլն: Ղեկավարութիւն, տեսիլք, երեւակայութիւն, հնարամտութիւն, արհեստագիտութիւն եւ այլ նորաձեւական մօտեցումներ լուծումն են այս մարտահրաւէրներուն: Դէպի մոռացում փոխադրուիլը այլընտրանք չէ՛:
Դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան