Նախկին նախարար Թոնի Գլեմենթ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ

 

Սեպտեմբեր 8-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ Գանատայի նախկին իշխանութեանց օրով արդիւնաբերութեան եւ առողջապահութեան նախարար Թոնի Գլեմենթ հանդիպեցաւ Գանատայի Հայ Դատի պատուիրակութեան հետ։ Նախկին նախարարին կ՚ընկերակցէր Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լիօ Հուսաքոս։

Նշենք, որ Թոնի Գլեմենթ 2011-ին վարած է նաեւ Գանատայի Գանձապետական գրասենեակի նախագահութիւնը, որ կը հսկէ կառավարութեան պիւտճէի եւ այլ պատասխանատուութեանց հաշուետուական գործընթացին վրայ։ Ներկայիս Թոնի Գլեմենթ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածու է։

Հանդիպման ընթացքին Թոնի Գլեմենթ ներկայացուց նախընտրական իր ծրագիրը։ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան համապարփակ ձեւով ներկայացուց գանատահայ համայնքը շահագրգռող շարք մը հարցեր։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.