Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Յաղթեց Մոլտովայի Իր Հասակակիցներուն


under-19_90716

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի եւ Մոլտովայի 19 տարեկանէն վար հաւաքականներուն միջեւ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական երկրորդ մրցումը աւարտեցաւ Հայաստանի կազմին յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով:

Անոնց միջեւ տեղի ունեցած այս երկրորդ մրցումին, հայրենի կազմը Բ. կիսախաղին նշանակեց 2 կոլ` շնորհիւ Էդգար Մովսիսեանի եւ Վահան Բիչախչեանի:

Առաջին մրցումին երկու կազմերը իրարու հետ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.