Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեան 1 միլիոն տոլար կը նուիրեն Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանին
Սեպտեմբեր 6-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կայացած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան կոմիտէ»ի ներկայացուցիչ Յակոբ Ճանպազեան յայտարարեց, թէ ՀՕՄ-ի երկրորդական Վարժարանը պիտի վերանուանուի «ՀՕՄ-ի Լափոյեան Երկրորդական Վարժարան», շնորհիւ Տէր եւ Տիկին Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեանի 1 միլիոն տոլարի իշխանական նուիրատուութեան։ Գնահատանքի եւ շնորհակալութեան իրենց խօսքերը փոխանցեցին նաեւ Գանատայի Թեմի առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան եւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեան։
Յակոբ Ճանպազեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Սիրելիներ՝ Վարուժան եւ Սիլվա, աննախընթաց ձեր նուիրատուութիւնը գեր-ողջունելի է ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններուն, հաստատութիւններուն, պատասխանատու մեր գործընկերներուն եւ համայն թորոնթոհայութեան կողմէ»:
37 տարի առաջ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կողմէ հիմնուած Թորոնթոյի ամէնօրեայ վարժարանը իր առաքելութեան առաջին տարին սկսած է 75 աշակերտներով։ Այսօր, վարժարանի յարկին տակ կ՚ուսանին 600 աշակերտներ։