ՖԻՖԱ-ի Նախագահին Տարեկան Աշխատավարձը` 1,37 Միլիոն Եւրօ
929
0
ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ կազմակերպութեամբ նախագահին` Ճիաննի Ինֆանթինոյին տարեկան աշխատավարձը կը կազմէ 1,5 միլիոն զուիցերիական ֆրանք, այսինքն` շուրջ 1,37 միլիոն եւրօ:
Անոր համար կազմակերպութեան կողմէ նկատի առնուած են նաեւ յաւելեալ ծախսեր, որոնց կարգին` տրամադրուած յատուկ ինքնաշարժ մը, անվճար բնակարան, եւ այլն:
Իսկ ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր քարտուղարին` Ֆաթմա Սամուրայի (Սենեկալ) տարեկան աշխատավարձը կը կազմէ 1,1 միլիոն եւրօ:
Ընդհանուր քարտուղարը եւ նախագահը մինչեւ այս տարուան աւարտը պարգեւավճարներ չեն ստանար: Սակայն 2017-ին պարգեւավճարները կը փոխուին: