Արցախի բանակցային գործընթացի նախապայմանը
Արցախի անկախ պետականութեան 25-ամեակը վճռական հանգրուան մը պէտք է ըլլայ Արցախի հարցի կարգաւորման միջազգային բանակցութիւններու ապագայ ընթացքը ճշտելու տեսակէտէն։ Այսօր հրապարակուած Հ.Յ.Դաշնակցութեան յայտարարութիւնը յստակօրէն կը սահմանէ կարգաւորման սկզբունքները և կը գծէ ճանապարհը, որմով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագհներու գլխաւորած բանակցային գործընթացը կրնայ յաջողութեամբ պսակուիլ և տարածաշրջանը առաջնորդել խաղաղ և արդիւնաւէտ համակեցութեան ի շահ բոլոր շահագրգռուած կողմերուն։
Եւ սակայն…
Գոյութիւն ունի հիմնական նախապայմանը, զոր կրկին ու կրկին պէտք է շեշտել։ Բանակցային գործընթացի տարրական կանոնն է բանակցութիւնը՝ ի՛նք։ Բանակցային գործընթացը կ՚ենթադրէ լիովին յարգել զինադադարի պայմանագրի տառն ու ոգին։ Ան կ՚ենթադրէ զինեալ գործողութիւններու ամբողջական դադարեցումը և ամբողջական խաղաղութեան պայմաններու մէջ բանակցային գործընթացի անկաշկանդ հետապնդումը։
Ցաւալի իրողութիւնը այն է, որ Ազրպէյճան երբեք կանգ չէ առած պատերազմելէ։ Ան երբեք չէ դադրեցուցած իր ոտնձգութիւնները ամբողջ շփման գծի երկայնքով։ Ան խլած է բազմաթիւ զոհեր սահմանագծի գիւղերու բնակչութեան շարքերէն մշտական անապահովութեան մատնելով շրջանի բնակավայրերու առօրեան։ Ազրպէյճան չէ դադրած հրապարակաւ ծանուցելէ իր պատերազմական դիտաւորութիւնները և բանակցութիւններու սեղանին ներկայացած է միայն վերջնագրերով։ Ան երբեք չէ եղած բանակցող կողմ։ Ան միշտ ինքզինք համարած է պատերազմող կողմ և բանակցային գործընթացը վերածած՝ զաւեշտի։ Եւ առաւել ցաւալին եղած է այն, որ միջազգային կողմերը ցարդ հանդուրժած են Ազրպէյճանի և իր նախագահի ամէնօրեայ օրինախախտումները։
Հետևաբար իսկական բանակցային գործընթացը դեռ շատ հեռու է իրականութիւն ըլլալէ։ Համանախագահող երկիրները ցարդ չեն յաջողած զսպել Ազրպէյճանի ապօրինութիւնները և կասեցնել անոր ոճրային գործունէութիւնը։ Գործընթացը իրողապէս սառած է վաղուց։ Ազրպէյճան և Թուրքիա զայն վաղուց առևանգած են և պարպած՝ իր էութենէ՛ն։ Ժամանակն է, որ այս խախուտ փոխյարաբերութեան վերջ տրուի։ Ժանանակն է, որ բուն հարցը դրուի սեղանի վրայ յստակ ու մեկին։ Ազրպէյճան պարտաւոր է հայկական կողմին հայթայթելու խաղաղութեան անշրջանցելի երաշխիքներ։ Ամէն այլ նախաձեռնութենէ առաջ, ան պարտաւոր է ստորագրելու միջազգայնօրէն երաշխաւորուած ոչ-յարձակման ուխտագիր (non-aggression pact) մը և տալու ապացոյցը այդ ուխտագրի փաստացի կիրառման, որպէսզի բանակցային գործընթացը փաստացիօրէն սկիզբ առնէ հետապնդելով երկուստեք ընդունելի համաձայնութեան այն փաթեթը, որուն սահմանումը կ՚ընէ Դաշնակցութեան յայտարարութիւնը և որ կոչուած է արմատական լուծում բերելու ոչ միայն Հայաստանի և Արցախի, այլև ամբողջ տարածաշրջանի անվտանգութեան մեծ խնդրին։
Կարօ Արմենեան