ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան 44-րդ Պատգամաւորական Ժողով

 

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի (Գանատայի Երիտասարդական Միութիւն) 44-րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ 20-21 Օգոստոս 2016,-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի »Ահարոնեան« սրահէն ներս: Ներկայ էին 38 պատգամաւորներ, Օնթարիոյի, Քեպեքի եւ Պրիթիշ Քօլոմպիայի զանազան շրջաններէն: Ժողովին հիւրաբար նաեւ մասնակցեցան ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի, ՀՅԴ »Միհրան Փափազեան« կոմիտէի, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի, ՀԵԴ ԱՄՆ-ի արեւելեան շրջանի եւ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչները:

Պատգամաւորական Ժողովի օրակարգի գլխաւոր նիւթերն էին ԳԵՄ-ի  կազմակերպած Վանաձորի Ամառնային Ճամբարը, »Արծիւ« պաշտօնաթերթը, ԳԵՄ-ի քաղաքական գործունէութիւնը, երիտասարդ գաղթականներու ընտելացումը եւ գիտարուեստի կապակցութեամբ ռազմավարութիւնները:

Ժողովը հաստատեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ ԳԵՄ-ը կը դիմագրաւէ շարք մը մարտահրաւէրներ, բայցեւայնպէս միութեան ընդհանուր գործունէութիւնը արժանացած է բարձր գնահատանքի Գանատայի համայնքին մէջ մանաւանդ քաղաքական գործունէութեան ծիրէն ներս:

Հայրենիքի մէջ միութեան իրագործած գլխաւոր ծրագիրն է Վանաձորի Ճամբարը, որ կը համախմբէ եւ կը դաստիարակէ երկու հարիւրէ աւելի պատանիներ, որոնք կը ստանան անգլերէնի, Հայոց պատմութեան եւ համակարգիչի դասընթացքներ միութեան կամաւորներու կողմէ: Ժողովը առաջադրեց ընդլայնել Ճամբարի ծրագիրը։

Ժողովի ընթացքին պատգամաւորները ցուցաբերեցին հետաքրքրութիւն ներդրում բերելու Հայաստանի մէջ որոշ բարեգործական նախաձեռնութիւններու։ Հարկ է նշել որ միութիւնը մասնաւորաբար հետաքրքրուած է զօրացնելու յարաբերութիւնները ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան հետ եւ պատրաստ է թիկունք կանգնելու եւ օժանդակելու միութեան ծրագիրները ամէն ձեւով։

Քարոզչական գետնի վրայ »Արծիւ« պաշտօնաթերթը գանատահայ երիտասարդութեան աւելի հասանելի դարձնելու համար՝ ժողովը թերթը տարածելու եւ սփռելու նոր միջոցներ որդեգրելու առաջարկներ կատարեց:

Միութեան քաղաքական ծրագրէն ներս, ժողովը առաջարկներ կատարեց Արցախի հարցի առնչութեամբ ու առաջարկեց միութեան շարունակական բարոյական եւ նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը: Ժողովը նաեւ նշեց Թուրքիոյ ներկայի մարդկային իրաւունքներու խախտումները եւ որոշեց յատուկ ծրագիր պատրաստել յատկանշելու այս հարցերը Գանատայի կառավարութեան եւ հասարակութեան։

Վերջապէս, պատգամաւորները շեշտեցին միութեան դիմագրաւած բազմաբնոյթ մարտահրաւէրները ինչպէս գիտարուեստի ռազմավարական ծրագրի կարեւորութիւնը նկատի ունենալով ընկերային ցանցերու բազմաբնոյթ օգտագործումը:

Ժողովի աւարտին, ընտրուեցաւ 2016-2017 տարեշրջանի ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.