Բանակցային Գործընթացի Թեման Հողերը Չեն

 

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Արցախի հարցի կարգաւորման բանակցութիւններու կապակցութեամբ վերջերս շրջանառուող տարաձայնութիւնները գլխաւորաբար կը վերաբերին ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահող երկիրներու կողմէ առաջարկուած լուծման այն կերպարին (model), որ յայտնի է Մատրիտեան սկզբունքներ յորջորջումով եւ որ Կազանի գագաթաժողովի վերատեսութիւններէն անցնելէ ետք, այժմ ի նորոյ կը հրամցուի հայկական կողմին՝ իր վերջին (Լաւրովեան, իմա՛ ռուսական) տարբերակով:

Այս փաստաթուղթը պաշտօնապէս չէ հրապարակուած: Եւ սակայն բոլոր քաջատեղեակ աղբիւրներու վկայութեամբ՝ ան պայման կը դնէ, որ 1994ի Պիշքեքեան Զինադադարի պայմանագրով հայկական ուժերու իրաւասութեան տակ գտնուող եօթը ազատագրուած շրջաններէն հինգը անմիջապէս վերադարձուի Ատրպէյճանի իրաւասութեան, ի դիմաց անորոշ եւ անբովանդակ խոստումներու…

Առաջարկուող այս անհեթեթութիւնը գլխիվայր կը շրջէ բանակցային գործընթացի ցարդ նուիրագործուած սկզբունքները եւ կ՛աղաւաղէ գործընթացի տառն ու ոգին: ՀՀ եւ ԼՂՀ նախագահներու յստակ հաւաստիացումները արդէն իսկ կը խօսին այն մասին, որ հայկական կողմը կը մերժէ առաջարկուող այս իրողական անձնատուութիւնը՝ վերջ դնելով Ատրպէյճանի յաւակնութիւններուն:

Պէտք է յիշեցնել բոլորին, որ 1993ին Ատրպէյճանի նախայարձակումով ստեղծուած այն պատերազմական պայմանները, որոնք անհրաժեշտ դարձուցին հայկական ուժերու մուտքը եօթը շրջաններէն ներս, այսօր եւս կը մնան անփոփոխ: Անոնք կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ շատ աւելի մեծ ատրպէյճանական սպառազինումով: Ատրպէյճանական սպառնալիքը շատ աւելի յստակ եւ անմիջական (clear and present) բնոյթ ունի այսօր: Ատրպէյճան իր յարձակողական քաղաքականութեամբ չէ դադրած ապացուցելէ, որ յիշեալ եօթը շրջանները բանալի՛ն իսկ են Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան: Եւ անոնց վերադարձը Ատրպէյճանի՝ բացարձակապէս անպաշտպանելի կը դարձնէ Արցախն ու Հայաստանը եւ հետեւաբար կ՛ապակայունացնէ ամբողջ տարածաշրջանը: Այդ տարածքները չեն պատկանիր Ատրպէյճանին: Անոնք կը պատկանին Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան:

Բանակցային գործընթացի օրակարգը հողերը չեն: Բանակցային գործընթացի թեման Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութիւնն է եւ Ատրպէյճանի պարտաւորութիւնը՝ իր յարձակողական քաղաքականութեան վերջ տալու:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.