24 տարի առաջ, այսօր, նահատակուեցաւ Բեկոր Աշոտը

 

«Եթէ Ղարաբաղը կործանուի, ապա միայն քաղաքական խաղերի պատճառով է կործանուելու, քաղաքականութիւնն ամենասարսափելի գիշատիչն է»: 

Աշոտ Բեկոր

 24 տարի առաջ, այսօր, 1992-ի Օգոստոս 24-ին, Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն գիւղի ազատագրման համար մղուած մարտը վերջինը եղաւ Բեկորի համար։

Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի քա­ջա­րի հրա­մա­նա­տա­րի կեր­պա­րը մարմ­նա­ւո­րող ընտ­րեալ­նե­րէն է ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ա­շոտ ­Ղու­լեան, որ Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան եւ ա­ զա­տագ­րու­թեան հա­մար իր մղած մար­տե­րու ըն­թաց­քին ա­ւե­լի քան տա­սը ան­գամ վի­րա­ւո­րո­ւե­ցաւ ռազ­մի դաշ­տե­րուն վրայ, բայց ո­րով­հե­տեւ վե­րապ­րե­ցաւ իր մար­մի­նը խո­ցած փամ­փուշ­տի եւ ար­կի բե­կոր­նե­րէն՝ ար­ժա­նա­ցաւ ԲԵԿՈՐ ա­նու­նով կրա­կի մկրտու­թեան։

Բե­կոր-Ա­շոտ ան­զու­գա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յիի նո­րօ­րեայ ա­ւան­դի կեր­տու­մին մէջ՝ իր անձ­նա­զո­հու­թեամբ, գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեամբ եւ խի­զա­խու­թեամբ կեն­դա­նի ա­ռաս­պել դառ­նա­լով։

Ա­շոտ ­Ղու­լեան ծնած էր ­Պա­քու, 1959 թո­ւա­կա­նի ­Հոկ­տեմ­բե­րի 6-ին: 1975-ին, ­Ղու­լեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Ս­տե­փա­նա­կերտ, ուր ու­սա­նե­ցաւ եւ 8-րդ ­դա­սա­րա­նը ա­ւար­տեց Ա­շոտ։ 1977-ին զօ­րա­կո­չուե­ցաւ խորհր­դա­յին բա­նակ, ո­րու շար­քե­րուն մէջ ծա­ռա­յեց մին­չեւ 1979: ­Զօ­րաց­րո­ւե­լէ ետք, ան­մի­ջա­պէս նե­տուե­ցաւ կեան­քի աս­պա­րէզ՝ միա­ժա­մա­նակ ե­րե­կո­նե­րը հե­տե­ւե­լով ուս­ման։

1985-ին ա­ւար­տե­լով ու­սու­մը՝ ա­մուս­նա­ցաւ եւ Ա­շոտ ու ­Նել­լի ­Ղու­լեան­նե­րը ու­նե­ցան ե­րեք որ­դի՝ Ար­թուր, Հ­մա­յեակ եւ կրտսե­րը ­Բե­կոր, որ ծնաւ հօր զո­հո­ւե­լէն ետք:

Ինչ­պէս որ կեն­սա­գիր­նե­րը կը վկա­յեն, Ա­շոտ բազ­մար­հեստ, «ոս­կի ձեռ­քեր» ու­նե­ցող վար­պետ էր՝ դեր­ձակ, շի­նա­րար, ինք­նա­շար­ժի վա­րորդ, փա­կա­նա­գործ: Ար­ցա­խեան ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման սկզբնա­կան փու­լէն իսկ՝ նա­խազ­գա­լով, որ մի­տինկ-ցոյ­ցե­րը սպա­սո­ւող ան­խու­սա­փե­լի պա­տե­րազ­մի նա­խեր­գանքն են, եւ ա­ռանց զէն­քի՝ ան­կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար նո­ւա­ճել ա­զա­տու­թիւնն ու ան­կա­խու­թիւ­նը, ան գա­ղա­փա­րա­կից իր ըն­կեր­նե­րուն հետ ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ ինք­նա­շէն նռնակ­նե­րու, ինք­նա­ձիգ­նե­րու, հրա­ցան­նե­րու եւ նռնա­կա­նետ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան։ Այդ զէն­քե­րու փոր­ձար­կում­նե­րուն ժա­մա­նակ, Ա­շոտ ե­րեք ան­գամ վի­րա­ւո­րո­ւած է: Ա­նոր ստեղ­ծած ա­ռա­ջին զէն­քը 16գծա­նի կար­ճա­փող հրա­ցա­նը ե­ղած էր: Իսկ երբ հա­սաւ պա­հը, Ա­շոտ լծո­ւե­ցաւ դէ­պի Ար­ցախ զէն­քեր գաղտ­նա­բար փո­խադ­րե­լու գոր­ծին եւ այդ­պէ՛ս իր տե­ղը գտաւ Ար­ցա­խեան ֆե­տա­յա­կան շարժ­ման ա­կունք­նե­րուն մէջ:

ԲԵԿՈՐ իր մար­տա­կան մկրտու­թիւ­նը ստա­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ շրջա­նին մէջ՝ Ի­ջե­ւա­նի ուղ­ղու­թեամբ, ուր թշնա­մին ար­դէն սկսած էր իր ոտնձգու­թեանց:

alt

Մին­չեւ Ար­ցա­խի «իս­կա­կան» պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց սկզբնա­ւո­րու­մը, ԲԵԿՈՐ մաս­նակ­ցած է հայ­դու­կա­յին-հրո­սա­կա­յին շատ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու: Այդ շար­քին յատ­կա­պէս յի­շա­տա­կե­լի է ԲԵԿՈ­Րի ղե­կա­վա­րած կա­րե­ւոր խա­փա­նա­րա­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը՝ ­Քել­բա­ջա­րի մէջ տե­ղա­կա­յո­ւած ՕՄՕ­Ն-ա­կան­նե­րուն ռազ­մա­կան օգ­նու­թիւն տա­նող ատր­պէյ­ճա­նա­կան ռազ­մա­կան շա­րա­սիւ­նին վրայ յար­ձա­կու­մը եւ այս վեր­ջի­նի ոչն­չա­ցու­մը:

Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­դա­մագ­րո­ւե­լով՝ ԲԵԿՈՐ շատ կա­նու­խէն եւ շա­տե­րէն ա­ռաջ յան­գե­ցաւ այն հա­մո­զու­մին, որ Ար­ցա­խի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան եւ ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար նա­խա­պայ­ման էր ստեղ­ծել մշտա­կան, կա­նո­նա­ւո՛ր բա­նակ՝ իր կա­ռու­ցո­ւած­քով եւ եր­կա­թեայ կար­գա­պա­հու­թեամբ: Այդ­պէ՛ս 1991-ին, երբ սկսաւ Ար­ցա­խի կա­նո­նա­ւոր բա­նա­կի ա­ռա­ջին զօ­րա­մա­սե­րուն կազ­մա­ւո­րու­մը, ԲԵԿՈ­Րին ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ գլխա­ւո­րել ա­ռա­ջին վաշ­տը, ո­րուն կո­րի­զը նոյ­նինքն իր ղե­կա­վա­րած ջո­կատն էր:

ԲԵԿՈՐ մաս­նակ­ցած է Ար­ցա­խի տա­րած­քին մղուած մար­տե­րու մեծ մա­սին՝ Աս­կե­րան, ­Հադ­րութ, ­Շա­հու­մեան, ­Վե­րին շէն, ­Բուզ­լուխ, ­Մա­նա­շիդ, ­Մա­լի­բեկ­լու, ­Խո­ջա­լու, Կրկ­ժան, Լես­նոյ, ­Քա­րին տակ, ­Շու­շի, ­Լա­չին, ­Մար­տա­կերտ, ­Կու­սա­պատ, ­Մա­ղա­ւուզ, Սր­խա­ւենդ, Բաշ-­Գիւ­նե­փա­յա, Օր­թա-­Գիւ­նե­փա­յա, Դրմ­բոն…

Բե­կոր-Ա­շոտ ­Ղու­լեան բա­ցա­ռիկ տա­ղան­դով օժտուած հե­րոս անձ­նա­ւո­րու­թիւն էր՝ բնա­ծին զի­նո­ւո­րա­կան, ա­ռա­ջա­մար­տիկ, նա­խա­ձեռ­նող, հա­մար­ձակ, վճռա­կան, խի­զախ ու հնա­րա­միտ: ԲԵԿՈ­Րի հրա­մա­նա­տա­րա­կան տա­ղան­դը փայ­լե­ցաւ յատ­կա­պէս 1992-ի ­Մա­յի­սին, ­Շու­շիի ռազ­մա­գոր­ծո­ղու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման ժա­մա­նակ։ Ա­ռա­ջին վաշ­տը, ԲԵԿՈ­Րի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ե­ղաւ ա­ռա­ջի­նը, որ մուտք գոր­ծեց հայ­կա­կան գե­րեալ քա­ղա­քը եւ սկիզբ դրաւ ա­նոր ա­զա­տագր­ման:

Բայց 1992-ի Օ­գոս­տո­սի 24-ին Դրմ­բոն գիւ­ղի ա­զա­տագր­ման հա­մար մղո­ւած մար­տը ե­ղաւ վեր­ջի­նը… ան­զու­գա­կան ԲԵԿՈ­Րին։ Այս ան­գամ գնդա­կը մա­հա­ցու էր, եւ ան հե­ռա­ցաւ այս աշ­խար­հէն՝ եր­թա­լու եւ հա­մալ­րե­լու հա­մար ան­մահ փա­ղան­գը հա­յոց քա­ջա­րի հե­րոս­նե­րուն։

Յետ մա­հու, հայ­րե­նի­քին մա­տու­ցած իր ծա­ռա­յու­թեանց հա­մար, ԲԵԿՈՐ պար­գե­ւատ­րո­ւած է «­Մար­տա­կան ­Խաչ» ա­ռա­ջին աս­տի­ճա­նի եւ «Ոս­կէ Ար­ծիւ» շքան­շան­նե­րով։ Ար­ժա­նա­ցած է «Ար­ցա­խի ­Հե­րոս» կո­չու­մին:

Հայ­րե­նի հո­ղի պաշտ­պա­նու­թեան սուրբ գոր­ծը, ո­րուն հա­մար իր կեան­քը զո­հա­բե­րեց Ա­շոտ Ղու­լեան, այ­սօր կը շա­րու­նա­կեն ա­նոր մար­տա­կան ըն­կեր­նե­րը եւ ԲԵԿՈ­Րի ներշն­չու­մով կազ­մա­ւո­րո­ւած հա­յոց նո­րա­նուն հե­րոս­նե­րը: Ար­ցա­խի կեդ­րո­նա­կան պաշտ­պա­նու­թեան շրջա­նի ա­ռա­ջին գու­մար­տա­կը, որ ստեղ­ծո­ւած էր Ա­շոտ ­Ղու­լեա­նի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ գոր­ծած ա­ռա­ջին վաշ­տի հիմ­քին վրայ, այ­սօր կը կրէ ԲԵԿՈ­Րի ա­նու­նը:

Այս գու­մար­տա­կին մէջ է ան հո­գե­պէս՝ իբ­րեւ յուշ ու սրբու­թիւն։ Իսկ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ ԲԵԿՈ­Րին նուիրո­ւած յու­շար­ձա­նը դար­ձած է ուխ­տա­վայր հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։

Ա­շոտ ­Ղու­լեա­նի՝ ԲԵԿՈ­Րի ծննդեան տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, վե­րա­նո­րո­գե­լով Ար­ցա­խի ­Քա­ջե­րուն ու­ղիով եր­թը շա­րու­նա­կե­լու հա­մազ­գա­յին մեր ուխ­տը, ըն­թեր­ցո­ղի ու­շադ­րու­թեան կը յանձ­նենք պատ­գա­մի ուժ ու­նե­ցող ԲԵԿՈ­Րի հե­տե­ւեալ մտքե­րը.-

«Ե­թէ զի­նո­ւո­րէն սկսեալ մին­չեւ նա­խա­րա­րը բո­լո­րա­նո­ւէր ի­րենց գոր­ծը կա­տա­րեն, ա­պա մեր բո­լոր ձեռ­նար­կում­նե­րը պի­տի պսա­կո­ւին յաղ­թա­նա­կով…»,- կ­՚ը­սէր Ար­ցա­խի ա­ռաս­պե­լա­կան հե­րո­սը, ո­րուն հա­մար «հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը ոչ այլ ինչ է, ե­թէ ոչ քու վրայ դրո­ւած պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու բա­րեխղ­ճօ­րէն կա­տա­րում»։

Մար­տե­րու մի­ջեւ դա­դա­րի ժա­մա­նակ, ­Բե­կոր մար­տա­կան իր ըն­կեր­նե­րուն ը­սած է.- «Ե­թէ ­Ղա­րա­բա­ղը կոր­ծա­նո­ւի, ա­պա միայն քա­ղա­քա­կան խա­ղե­րու պատ­ճա­ռով պի­տի կոր­ծա­նո­ւի – քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ա­մէ­նէն սար­սա­փե­լի գի­շա­տիչն է»։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.