Պոլսոյ Մէջ տերսիմցի 8 Հայ Մկրտուած է
Տերսիմցի հայերու ազգային ինքնութեան վերադարձի ծիրէն ներս՝ Պոլսոյ Սրբ. Ստեփանոս հայկական եկեղեցւոյ մէջ Օգոստոս 14-ին իրականացած է զանգուածային մկրտութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ակօս» թերթը։
Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուի ազգային ինքնութեան վերադառնալու համար Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն ճնշումներու իբրեւ արդիւնք հաւատափոխ` իսլամացած հայերու քրիստոնէական արմատներուն վերադարձի պայքարը:
Տէր Տրդատ քահանայ Ուզունեանի կողմէն իրականացած զանգուածային մկրտութեան արարողութեամբ՝ քրիստոնէութիւն ընդունած է տերսիմցի 8 հայ:
Պատմական Ծոփք նահանգի Տերսիմի շրջանին մէջ հայեր բնակած են հայոց հեթանոսական ժամանակաշրջանէն սկսեալ։ Տերսիմի մէջ կը գտնուէին Անահիտի, Վահագնի եւ Աստղիկի մեհեանները։
Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն, Տերսիմի քիզիլպաշ (ալեւի) ցեղախումբերը ապաստան տուած են աւելի քան 40 հազար հայերու: Ցեղասպանութեան հանգրուանին, 1915-ի ջարդերէն ազատած եւ Տերսիմ ապաստանած շատ մը հայեր կրօնափոխ դառնալով ալեւի դաւանանքը ընդունած են՝:
1938-ին, թրքական ճնշումներուն դէմ ծառացան Տերսիմի ցեղախումբերը՝ Սէյիտ Ռիզայի գլխաւորութեամբ: Ըստ տերսիմցի արդի ժամանակներու մտաւորականներու, 1938-ի յեղափոխութեան տերսիմցիներու կողքին զէնք վերցուցած են դաւանափոխ դարձած հազարաւոր հայեր, իսկ ապստամբութեան տխուր վախճանին յաջորդող քեմալական բանակի ջարդերուն՝ տերսիմցիներու կողքին սպանուած եւ ջարդուած են նաեւ հայեր։
Այսօր, եւրոպացի կարգ մը պատմաբաններու կողմէ ընդունուած է այն տեսութիւնը, որ 1937-38 քեմալական ուժերու կողմէ ջարդուած 70 հազար ալեւի տերսիմցիներու եւ հայերու ծրագրուած ջարդը կը համապատասխանէ ցեղասպանութեան։