Սուրիոյ Տարաա քաղաքէն Արցախ հաստատուած Արթինը
Րաֆֆի Տուտագլեան
Անցեալ շաբաթ հրաւիրուած էինք Արցախի Քաշաթաղ շրջանի (նախկին Լաչին) Իշխանաձոր գիւղը, մասնակցելու համար նորակերտ բնակարաններու յանձման հանդիսութեան։
Իշխանաձորը Բերձորէն դէպի հարաւ շուրջ մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, եւ նկատի ունենալով անոր աշխարհագրական դիրքի կարեւորութիւնը, Արցախի կառավարութիւնը վերջին տարիներուն գիւղի բնակեցման համար յատուկ ծրագիրներ մշակած է։ Մեր այցելութեան օրը կառավարութիւնը նորակերտ 18 տուներ յանձնեց Իշխանաձոր հաստատուած ընտանիքներու։ Քաշաթաղի վարչական շրջանի ղեկավարներուն հետ գործակցելով, Թուֆէնքեան հիմնադրամը անցեալին նորոգած էր Իշխանաձորի բուժկէտը եւ սուրիահայ ու լիբանանահայ քանի մը ընտանիքներու ապահոված էր տուներով, իսկ այդ օր, նոր տունի մը բանալին պիտի յանձնէր Արթին անունով սուրիահայ երիտասարդի մը։
Պաշտօնական արարողութենէն ետք, Արթին ուրախութեամբ ստացաւ իր նոր տան բանալին եւ մեր հետ միասին տեղաւորուեցաւ գիւղապետարանի կազմակերպած խրախճանքի սեղաններուն շուրջ։ Հոն էին նաեւ Սուրիայէն եւ Լիբանանէն Իշխանաձոր տեղափոխուած ընտանիքները։ Բոլորն ալ ունէին իրենց պատմութիւնները, համտեսած էին կեանքի լաւն ու վատը, քաղցրն ու դառնը։ Արթին երիտասարդ էր, հազիւ 30 տարեկան։ Ինծի համար հետաքրքրական էր իմանալ, թէ ան ինչպէ՞ս հասած էր Հայաստան, ո՞ւր էին ընտանիքի միւս անդամները։
Դժուարութեամբ հայերէն խօսող Արթին պատմեց, որ իր ընտանիքը Սուրիոյ Տարաա քաղաքէն էր։ Տարիներ առաջ, երբ նոր կը սկսի Սուրիոյ տագնապը, հայրը կ՛որոշէ ընտանիքը տանիլ Դամասկոս, համարելով, որ մայրաքաղաքը ապահով է եւ իր ընտանիքը այդ ձեւով կը փրկուի ծայրայեղականներու վայրագութենէն։ Ընտանիքը, այո, կը փրկուի, բայց հայրը կը սպաննուի նոյն իսլամ ծայրայեղականներուն կողմէ… Այդ օրերուն Արթին կը ծառայէր Սուրիոյ զօրքերու յատուկ նշանակութեան ուժերուն մէջ։ Կը մասնակցի բազմաթիւ մարտերու՝ Թուրքիա–Սուրիա սահմանի երկայնքին փռուած ռազմադաշտերուն վրայ։ Ամիսներ շարունակ հեռու կը մնայ իր ընտանիքէն եւ հարազատներէն ու պատերազմի արհաւիրքին մէջ՝ բազմաթիւ անգամներ կը փրկուի ստոյգ մահէ։
«Անդրադարձայ, որ այս պատերազմը վերջ չունի, եւ մենք պիտի մաշինք երթանք անոր մէջ։ Տեղ չունէի երթալիք։ Հարուստ հայերը առաջին օրէն Ամերիկաներ ու Եւրոպաներ փախան, մենք մնացինք կրակներուն մէջ։ Ծանօթներ ունէի, որ Հայաստան գացեր էին։ Ես ալ որոշեցի ընտանիքս առնել ու Հայաստան երթալ։ Ազգականներէս ոմանք Գերմանիա եւ Շուէտ փախան, կ՛ապրին իբրեւ գաղթական, իսկ եղբայրս եւ ես եկանք Հայաստան։ Մայրս Դամասկոս է, պետական պաշտօնեայ է եւ յոյսով եմ, որ շուտով պիտի միանայ մեզի», պատմեց Արթին։
Որոշ ժամանակ մը Արթին կը մնայ Երեւան, բայց յետոյ եղբօր հետ կը դիմէ Արցախի իշխանութիւններուն, ազատագրուած տարածքներուն մէջ տուն եւ հող ստանալու յոյսով։ Մինչ այդ, կ՛ամուսնանայ Եղեգնաձորէն աղջկայ մը հետ։ «Արդէն մէկ հատ երեխայ ունեցանք, բայց հիմա որ արդէն տուն ունինք, երկրորդ ալ կրնանք բերել։ Եղբայրս ալ Բերձոր է, վարսավիր կ՛աշխատի եւ ընտանիք կը պահէ։ Երկուքիս համար ալ կեանքը նոր կը սկսի», շարունակեց Արթին։
«Իսկ պատերազմից չե՞ս վախենում։ Մի քիչ էն կողմ թուրքերն են», կատակով հարց տուաւ կողքիս նստած արցախցի Արտակը, որ ուշադրութեամբ կը հետեւէր Արթինի պատմութեան։
«Պատերա՞զմ։ Շատ տեսած եմ, հաճելի չէ, սարսափելի է։ Բայց ես աւելի կը վախնամ օտար հողի վրայ մեռնելէն, իսկ այս հողը մերն է, վախնալու պատճառ չունիմ», պատասխանեց Արթին։
«Արթինի կենացը» բացագանչեց Արտակ ու բոլորս բարձրացուցինք բաժակները եւ յաջողութիւն ու ամենայն բարիք մաղթեցինք Հայաստանի հողին մէջ նոր արմատներ նետող Արթինին։