Եանա Եգորեան` Կրկնակի Ախոյեան

 

yana-egorian_81416

Ռուսիոյ հաւաքականի կազմին մէջ հանդէս եկող Եանա Եգորեան նուաճեց երկրորդ ոսկի մետալը Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն: Սուսերամարտի մրցաշարքին մէջ  Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հաւաքականներուն միջեւ աւարտական մրցումը վերջ գտաւ 45-30 արդիւնքով` ի նպաստ Ռուսիոյ:

22-ամեայ Եանա Եգորեան Ռիոյի մէջ նաեւ  նուաճած էր անհատական ոսկի մետալը:

1993 թուականին Երեւան ծնած եւ 6 տարեկանին  ընտանիքին հետ Ռուսիա տեղափոխուած Եանա Եգորեան նաեւ 2015 թուականին աշխարհի ախոյեանն է, Եւրոպայի քառակի ախոյեան:

Եանա Եգորեան օփերային երգիչ, շարժապատկերի դերասան Հենրիկ Ալավերտեանի թոռնուհին է:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.