Հրանդ Տինքի Սպանութեան 6րդ Տարելիցին Առիթով Հաւաքներ Պոլսոյ Մէջ

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ցեղապաշտութեան ու ազգայնամոլութեան «Կեցիր, ըսէ» կոչուած կազմակերպութիւնը կը պատրաստուի յատուկ հաւաքներով ոգեկոչելու յիշատակը Հրանդ Տինքին՝ անոր սպանութեան վեցերորդ տարելիցին առիթով։ Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ Յունուար 19, 2007ին։ «Հրանդ ի՞նչ կը պատմէր Թուրքիոյ» խորագրեալ լրատուութեան մէջ «Ռատիքալ» թերթը կը հաղորդէ, թէ ոգեկոչման հանդիսութիւնները այս տարի պիտի կատարուին Յունուար 9էն սկսեալ։
Յունուար 11ին, Թաքսիմի «Հիլ» պանդոկին մէջ ոգեկոչման մասնաւոր ձեռնարկ մը պիտի սարքուի։ Կազմակերպութեան անունով Ճենկիզ Ալկան յայտնեց, թէ սոյն հանդիսութիւններուն ընթացքին պիտի բացատրուի, թէ Հրանդ ի՞նչ պատմել ուզած էր Թուրքիոյ։ Ան գանգատեցաւ այն բանէն, թէ այս սպանութեան բուն հեղինակները տակաւին երեւան հանուած չեն։ «Հակառակ անոր, որ դատարանին վճիռը դատաւորին ու դատախազին համար իսկ գոհացուցիչ չէր, հակառակ անոր, որ հանրապետութեան նախագահը շարժման անցուց պետական քննիչ յանձնախումբը, հակառակ անոր, որ այս նիւթին մէջ Թուրքիա դատապարտուեցաւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին կողմէ, եւ հակառակ անոր, որ տակաւին կառավարութեան խօսնակ Հիւսէյն Չելիք կ՛ըսէ, թէ Հրանդի սպանութիւնը «մեզի համար արիւնող վէրք մըն է դեռ», վեց տարիէ ի վեր ո՛չ մէկը կրցաւ դպչիլ այս ոճրագործութեան բուն հեղինակներու օձիքներուն», աւելցուց ան։
«Հրանդը մեր աչքերուն առջեւ կորսուեցաւ, գնաց։ Բուն ոճրագործները ո՛չ միայն երեւան չհանուեցան, այլ այս խնդիրին հետ կապ ունեցող պաշտօնեաները վարձատրութիւններ ստացան, պաշտօնի բարձրացումներ ունեցան։ Պետութիւնը իր ո՛չ մէկ պաշտօնեան զոհեց այս խնդիրին համար», եզրակացուց Ալկան։
Նաեւ, Յունուարի 19ին, Թուրքիոյ ժամով ժամը 13:30ին, Շիշլի թաղամասէն մինչեւ Տինքի հիմնած «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատուն պիտի կատարուի քայլարշաւ մը:
Տինքի ընկերները նաեւ պատրաստած են յատուկ տեսանիւթ մը, որ ընկերային ցանցերու վրայ լայն արձագանգ գտած է:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.