9 Յունուար 2025-ը Քաղաքական Կողմերուն Համար Առիթ Մըն Է Նախագահի Անունին Շուրջ Համաձայնելու Եւ Երկրին Մէջ Մեր Տագնապին Համապարփակ Լուծումի Հասնելու
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Օ.Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն:
Բագրատունի յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ զինադադարը միայն միակողմանի կերպով գործադրուեցաւ, եւ այդ համաձայնութեան երաշխաւոր պետութիւնները չմեկնաբանեցին այդ իրողութիւնը, եւ ուշադրութեան արժանին այն է, որ իսրայէլացի բնակեցուածները տակաւին հիւսիս չվերադարձան:
«Պէտք է վերատեսութեան ենթարկել համաձայնութեան գործադրութեան կերպը, եւ կառավարութիւնը պէտք է զինադադարի գործադրութեան համար դիւանագիտական արշաւ շղթայազերծէ», աւելցուց ան:
Ինչ կը վերաբերի յաղթանակին կամ պարտութեան հաշիւներուն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ անոնց չափորոշիչը պատերազմին սկիզբը ճշդուած նպատակներն են եւ պատերազմի վերջաւորութեան անոնց որքանով իրագործուած ըլլալը` աւելցնելով, որ գոյութիւն ունի այն սխալ պատկերացումը, թէ Իսրայէլ յաղթանակ արձանագրեց:
Ինչ կը վերաբերի յետպատերազմեան շրջանին, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Լիբանանի նկատմամբ մեծագոյն դաւաճանութիւնը երկխօսութիւնը մերժելն է, պէտք է պաշտպանութեան ռազմավարութեան, քաղաքական, համայնքային ու տնտեսական խնդիրներուն շուրջ երկխօսութիւն կատարենք»:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը զրոյցի աւարտին յայտնեց, որ 9 յունուար 2025-ը քաղաքական կողմերուն համար առիթ մըն է հանրապետութեան նախագահի անունին շուրջ համաձայնելու եւ երկրին մէջ մեր տագնապին համապարփակ լուծումի հասնելու, սակայն համաձայնութիւնը տակաւին չէ հասունցած:
Comments are closed.