Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի հայ համայնքը 42 հազար եւրօ կը հանգանակէ Արցախին

 

Հոլանտական  քանի մը հայ համայնքներ ու կազմակերպութիւններ իրենց օգնութիւնը  ցուցաբերած են Արցախին:

«Նիտերլանտական օրագիրի» փոխանցմամբ` անցած կիրակի Ալմելոյի Հայ Առաքելական Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան կարգ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուածներու հոգիներուն համար: Այս կապակցութեամբ բացուած բարեգործական հիմնադրամին, բացի Ալմելոյի տարբեր հայկական կազմակերպութիւններէն’ իրենց օժանդակութիւնը  ցուցաբերած են  նաեւ Նայմեխէն քաղաքի «Միացիալ հայերը Հոլանտայի մէջ» կազմակերպութեան անդամները: Արդէն հանգանակուած է աւելի քան 42 հազար եւրօ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.