Ահազանգ
Արամ Մանուկեանի տունը, որ Առաջին Հանրապետութեան բացառիկ յիշատակարանն է, կրկին վտանգի տակ է: Ան յանձնուած է բախտախնդիրներու քմահաճոյքին: Ան լքուած է պետութեան կողմէ: Ան անարգուած է ժողովուրդին կողմէ: Ան կեցած է առանձին անժառանգ մարդոց անշնորհքութեան դիմաց:
Տարիներէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնենք, որ մեր անկախ պետականութեան վկաները հանդիսացող եւ դեռ կանգուն մնացած այս վերջին կառոյցները պէտք ունին մեր հաւաքական նախանձախնդրութեան:
Ձայն բարբառոյ յանապատի՜:
Արդեօ՞ք մեր պատմական ժառանգութեան նախանձախնդիր մարդ չէ մնացած մեր երկրի մայրաքաղաքին մէջ:
Արդեօ՞ք հասած ենք այն կէտին, ուր այլեւս դադրած են գործելէ երբեմնի մեր ամէնէն զգայուն, ամէնէն կենսական բնազդները: Ողջո՛յն այն անձանց, որոնք ելած են ոտքի ետ շրջելու այս ամօթալի իրավիճակը: Պատի՛ւ իրենց: Բայց նաեւ, ընկերնե՛ր, վաղու՜ց անցած է ստորագրահաւաքներու ժամանակը: Մեր կեանքի ճգնաժամերը կարելի չէ ստորագրահաւաքներով դիմագրաւել: Բոլոր նախընթաց միջոցառումները պէտք է համոզեն մեզ, որ «Հին Երեւան» ծրագրին տէրերը շատ աւելի թունդ յորդորի պէտք ունին այս ուշ ժամուն, որպէսզի սկսին գնահատել պատգամին լրջութիւնը: Երկիրը պէտք է խօսի: Պատգամը պէտք է հնչէ հատու եւ վերջնական: Եւ հիմա՛:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ