«Գրադարան» Նախաձեռնութեան Անդամները Կը Փորձեն Փրկել Արամ Մանուկեանի Կիսաւեր Տունը
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրներէն մէկուն՝ Արամ Մանուկեանի կիսաւեր տունը փրկելու քայլերու ձեռնարկած են «Գրադարան» նախաձեռնութեան անդամները: Անոնք ահազանգած են, որ տարիներ շարունակ վթարային նկատուող շէնքին տանիքը, յատակն ու միջյարկային ծածկը քանդուած են, ներսը հանրութեան կողմէ կ՛օգտագործուի որպէս բաղնիք եւ աղբանոց:
«Գրադարան» նախաձեռնութեան անդամ Ռադիկ Կարապետեան 7 Յուլիսին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին նշած է, որ խնդիրը կը վերաբերի Արամ Մանուկեանին՝ Արամի 9 հասցէին վրայ գտնուող տանը: Անիկա մաս կը կազմէ «Հին Երեւան» նախագիծին, ըստ որուն, պիտի պահպանուի միայն ճակատը:
Ռադիկ Կարապետեանի համաձայն՝ տունը չունի ճարտարապետական խնդիր, այլ ունի պատմական խնդիր, քանի որ պատուախնդրութեան հարց է: «Մենք պէտք է արժեւորենք այն, ինչ ունենք: Պէտք է յարգենք մեր անցեալը, որպէսզի կառուցենք ներկան: Իսկ ինչպէս ենք մենք յարգում մեր անցեալը՝ երեւում է Արամի տնից: Խնդիրն այն է, որ այդ տունը հանրութեան կողմից անտեսուած է ու գտնւում է վթարային վիճակում», ըսած է ան՝ տեղեկացնելով, որ խնդիրին առնչութեամբ բաց նամակով դիմած են պատկան մարմիններուն՝ մշակոյթի նախարարին, Երեւանի քաղաքապետին, «Հին Երեւան» նախագիծի պատասխանատուներուն՝ հանրութեան ուշադրութիւնը խնդրի լուծման հրաւիրելու նպատակով:
«Գրադարան» նախաձեռնութեան անդամ Արմինէ Քթոյեանի համաձայն՝ ամօթալի է զբօսաշրջիկներուն ներկայացնել Արամ Մանուկեանի տունը այդպիսի վիճակի մէջ: Կառոյցը հողաշէն է եւ անձրեւի պատճառով կը քանդուի, իսկ ներսը բուսականութիւն կ՛աճի եւ կը վնասէ հիմերուն: «Մինչեւ «Հին Երեւան» նախագիծն իրագործուի, ճակատն էլ չի պահպանուի», ըսած է Արմինէ Քթոյեան։