Հենրիխ Մխիթարեան Միացաւ «Մանչեսթեր Եունայթըտ»ին


0707henrik

ԵՐԵՒԱՆ «Նիուզ».- Երկարատեւ բանակցութիւններէ եւ ձգձգումներէ ետք, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Չորեքշաբթի, Յուլիս 6ին պաշտօնապէս տեղափոխուեցաւ անգլիական «Մանչեսթեր Եունայթըտ», անոր հետ կնքելով չորս տարուան պայմանագիր։

Ըստ ակումբի պաշտօնական կայքին, Մխիթարեան ըսած է, թէ միշտ երազած է խաղալ «Մանչեսթեր Եունայթըտ»էն:

«Շատ հպարտ եւ ուրախ եմ միանալով «Մանչեսթեր Եունայթըտ»ին, որ միշտ հիացուցած է ինծի իր փառահեղ պատմութեամբ եւ հրաշալի համակիրներով: Անհամբեր կը սպասեմ աշխատանքի՝ մարզիչին եւ իմ նոր խմբակիցներուս հետ», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հենրիխ Մխիթարեան:

Իր կարգին, մարզիչ  Ժոզէ Մորինիօ ըսած է, թէ այժմ խումբին միացած է Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ֆութպոլիստներուն քուէարկութեամբ լաւագոյն խաղացող ընտրուած Մխիթարեանը:

«Ան լաւագոյնը ընտրուած է ոչ թէ համակիրներուն կամ լրագրողներուն կողմէ, այլ գործընկերներուն քուէներով, ինչ որ շատ արժէքաւոր է։ Մխիթարեան հրաշալի խաղացող է: Հիացած եմ անոր կօլերու քանակով, հակառակ անոր, որ յարձակող չէ, իսկ անոր կօլային փոխանցումներու քանակը կը վկայէ, որ Մխիթարեան ստեղծագործող է», ըսած է ան։

Մխիթարեանի նախկին խումբին՝ Տորթմունտի «Պորուսիա»ի գործադիր տնօրէն Հանս Եոախիմ Վացքէ ցաւ յայտնած է Մխիթարեանի հեռացումին համար, աւելցնելով. «Չէինք սպասեր այսպիսի առատաձեռն առաջարկ Մխիթարեանի փոխանցման համար»:

Յիշեցնենք, որ «Մանչեսթեր Եունայթըտ»ին միանալուն համար Մխիթարեան պիտի ստանայ 8 միլիոն եուրօ գքումար մը, իսկ գերմնական ակումբը՝ 42 միլիոն եուրօ: Մխիթարեանին տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ 12.5 միլիոն եուրօ։

Նշենք, որ 2013ին Մխիթարեան Ուքրանիոյ ախոյեան «Շախտիոր«»ն գերմանական ակումբին միացած էր 27.5 միլիոն եուրօ արժած փոխանցման գինով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.