ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանը 80 հազար տոլար հանգանակած է ի նպաստ Արցախի
Ապրիլին, Արցախեան չորսօրեայ պատերազմի օրերուն, Գանատայի Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) կառոյցը անմիջապէս զօրաշարժի ենթակեց իր շարքերը եւ Գանատայի տարածքին նախաձեռնեց նուիրահաւաքներ։ Այս առնչութեամբ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար «Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը կապ հաստատեց ՀՕՄ- ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկհ. Արմինէ Կարապետեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին ընկհ. Կարապետեան յայտնեց. «Սկիզբը նախատեսած էինք 50,000-ի գումարով օժանդակել: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ մեր շրջանը Արցախի ի նպաստ նուիրահաւաքի գումարը հասցուց 80,000 ամերիկեան տոլարի։ Այս իրադարձութիւնը քաջալերական է, որովհետեւ ցոյց կու տայ, թէ մեր ազգայինները ինչպէս կ՚անսան ՀՕՄ-ի կոչերուն՝ յատկապէս նման հրատապ ազգային հարցի պարագային»
ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային Վարչութեան ատենապետուհին յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, Լաւալի, Վանգուվըրի, Օթթաուայի, Համիլթընի, Գէմպրիճի, Սէնթ Գաթրինզի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ գործող քոյր կազմակերպութիւններուն, տարեցներու միութեանց, եկեղեցիներուն, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին եւ բոլոր անհատ ազգայիններուն, որոնք իրենց զօրակցութիւնը բերին ՀՕՄ-ի Արցախեան նախաձեռնութեան։