Թեմակալ Առաջնորդը հանդիպեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ
1320
0
Երեքշաբթի, 5 Յուլիս 2016-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Ազգային Վարչութեան անդամները հանդիպեցան Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութեան հետ, երեկոյեան ժամը 7-ին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս։
Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան պաշտօնապէս բարի գալուստ մաղթեց Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանին, որ Մայիս 2016-ին ընտրուած էր Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ։
Խօսակցութեանց ընթացքին, ճշդուեցան համագաղութային գործունէութեան առաջնահերթութիւնները, Ազգային Վարժարաններու դիմագրաւած դժուարութիւնները, հայեցի դաստիարակութեան մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ գաղութներու աճն ու կազմակերպուած համագործակցութիւնը գործակից միութիւններուն միջեւ։