Հայրենադարձ Նայիրի Մկրտիչեան նշանակուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ
Յունիս 24-ին, կառավարական յատուկ հրամանագրով, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ նշանակուեցաւ Նայիրի Մկրտիչեան։ Նշենք, որ Նայիրին 13 տարիէ ի վեր «Հորիզոն»ի ներկայացուցիչն ու աշխատակիցն է Հայաստանի մէջ։
Նայիրի Մկրտիչեան ծնած է 1968 թուականին, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Գամիշլի քաղաքին մէջ:
2001 թուականին աւարտած է Պէյրութի «Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի» «Լեզու եւ գրականութիւն» բաժինը:
2001 թուոականին վերջնական կայք հաստատած է Հայաստանի մէջ։
2003 թուականին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Բանասիրութեան բաժանմունքի «Կրթութեան կառավարում» բաժինը:
2001-2003 թուականներուն եղած է ԱՄՆ-ի «Հայրենիք» թերթի լրագրողը Հայաստանի մէջ:
2003 թուականէն առ այսօր Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի թղթակիցն է Հայաստանի մէջ, հրապարակուած յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ ունի Սփիւռքի եւ Հայաստանի տարբեր թերթերու մէջ:
Երկու տարի եղած է Tert.am լրատուական կայքի արեւմտահայերէն բաժնի խմբագիր:
2012 թուականին հիմնուած, Հայաստանի մէջ գործող միակ եւ Սփիւռքի առաջին արեւմտահայերէն «Եռագոյն» լրատուական կայքի հիմնադիրներէն է եւ երկու տարի եղած է այդ կայքին խմբագիրը:
2014-ի Սեպտեմբերէն 2016-ի Յունուարը վարած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը:
2016-ին նշանակուած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ:
Կը տիրապետէ հայերէնի երկու ճիւղերուն, արաբերէն, քրտերէն եւ անգլերէն լեզուներուն:
Ամուսնացած է, ունի մէկ դուստր: