Թուրքիոյ նախագահին յղուած Արամ Արք. Աթէ֊շեանի նամակը անընդունելի է Ս. Էջմիածինի համար

 

Մայր Ա­թոռ ­Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ­Յու­նիս 28-30ին, ­Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Գե­րա­գոյն ­Հո­գե­ւոր ­Խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը՝ ընդ­լայնուած կազ­մով:

Գե­րա­գոյն ­Հո­գե­ւոր ­Խոր­հուր­դը ըն­դու­նե­լի չէ հա­մա­րած ­Պոլ­սոյ ­Պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ար­տա­յայ­տած կե­ցո­ւած­քը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին առ­ջեւ:

«­Նիուզ»ի լրագ­րո­ղի հար­ցու­մին ի պա­տաս­խան՝ ­Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միած­նի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան գրա­սե­նեա­կի տնօ­րէն ­Վահ­րամ ­Քա­հա­նայ ­Մե­լի­քեան յայտ­նեց, որ «­Ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գում ի թիւս այլ հար­ցե­րի, ա­յո՛, ընդգր­կո­ւած էր ­Բուն­դես­թա­գի ո­րոշ­ման ա­ռի­թով Կ. ­Պոլ­սի պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ գե­րաշ­նորհ Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մից ­Թուր­քիա­յի նա­խա­գահ Էր­դո­ղա­նին ուղ­ղո­ւած նա­մա­կի հար­ցը, ինչ­պէս նաեւ այդ առն­չու­թեամբ ար­տա­յայ­տո­ւած ընդվ­զում­ներն ու բո­ղոք­նե­րը: Խն­դի­րը քննար­կո­ւեց:

Գե­րա­գոյն ­Հո­գե­ւոր ­Խոր­հուր­դը, նկա­տի ու­նե­նա­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան խնդրի առն­չու­թեամբ ­Պատ­րիար­քա­րա­նի վրայ առ­կայ ճնշում­նե­րը եւ այն ծանր կա­ցու­թիւ­նը, ո­րում հայ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րը գոր­ծում են ­Թուր­քիա­յում, այ­դու­հան­դերձ ըն­դու­նե­լի չհա­մա­րեց պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դի ար­տա­յայ­տած կե­ցո­ւած­քը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան սուրբ նա­հա­տակ­նե­րի յի­շա­տա­կի առ­ջեւ՝ յոր­դո­րե­լով նման պա­րա­գա­նե­րում ա­ռա­ւել զգու­շա­ւո­րու­թիւն հան­դէս բե­րել՝ չստեղ­ծե­լու այ­սօ­րի­նակ վի­ճակ­ներ»:

Էջ­միած­նի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան գրա­սե­նեա­կէն ժո­ղո­վին մա­սին լոյս տե­սած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ նաեւ կ­՛ը­սո­ւի, որ «­Ժո­ղո­վում քննու­թեան առ­նո­ւե­ցին միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րին, ներ-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վա­կան կա­ռոյց­նե­րին վե­րա­բե­րող հար­ցեր: ­Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քում մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւեց Հ­ռո­մի Սր­բա­զան ­Քա­հա­նա­յա­պե­տի այ­ցե­լու­թեա­նը ­Հա­յաս­տան», որ ան­ցաւ «հո­գե­ւոր ջերմ մթնո­լոր­տում»:

Գե­րա­գոյն ­Հո­գե­ւոր ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը ու­րա­խու­թեամբ ար­ձա­նագ­րե­ցին, որ Ֆ­րա­նչիս­կոս ­Պա­պի ե­ռօ­րեայ այ­ցը ­Հա­յաս­տան լա­ւա­գոյն վկա­յու­թիւնն էր ­Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան եւ ­Կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մի­ջեւ առ­կայ եղ­բայ­րա­կան ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ գոր­ծակ­ցու­թեան: ­Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը նաեւ ի­րենց գնա­հա­տան­քը յայտ­նե­ցին այ­ցի կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բին եւ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք մաս­նակ­ցած ե­ղած էին կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.