Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի հաղորդագրութիւն
Ուրբաթ 1 Յուլիսի երեկոյեան նիստին, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը միաձայնութեամբ քուէարկեց Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ առաջարկուած եւ բանաձեւուած հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծին: Ըստ Սահմանադրութեան, այս օրինագիծը առ այդ կը յղուի Ծերակոյտին, որ իր կարգին պիտի քննարկէ եւ քուէարկէ յառաջիկայ Սեպտեմբերին:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի ուղղակի թելադրանքով ընթացած այս օրէնքի հետապնդումը երկար տարիներէ ի վեր մօտէն կը կատարուի Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդին եւ անոր մաս կազմող Հ.Յ.Դ.-ի եւ Հայ Դատի կողմէ:
Կեդրոնական Կոմիտէս կ’ողջունէ Ազգային Ժողովի այս քայլը, շնորհակալութիւն կը յայտնէ արդարութեան ջատագով անոր երեսփոխաններուն եւ կ’ակնկալէ, որ Ծերակոյտը իր կարգին կը դրսեւորէ քաղաքական միեւնոյն կամքը, հակառակ` թրքական բոլոր տեսակի ճնշումներուն : Նախագահ Հոլլանտի նախընտրական խոստումը հանդիսացող այս օրէնքին ձեռքբերման ի խնդիր ֆրանսահայութիւնը իր բոլոր հոսանքներով անխտիր պիտի շարունակէ իր պայքարը, յանուն արդարութեան վերջնական հաստատման :
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
1 Յուլիս 2016, Փարիզ