ԱՄՆ Ծերակոյտի Յանձնախումբը Վաւերացուց Սուրիահայերուն, Արցախին Եւ Հայաստանին Օժանդակելու Առաջարկները

 

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդեց, որ Չորեքշաբթի, Յունիս 29ին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբը որոշած է շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի տրամադրուող տարեկան մարդասիրական աջակցութիւնները, որուն շնորհիւ Արցախի ժողովուրդին 1998էն ի վեր մարդասիրական օգնութիւն կը տրամադրուի։

Այս աշխատանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ յատկապէս ծերակուտական Մարք Քըրք։ Անոր զօրակցած է նաեւ ծերակուտական Փեթրիք Լիհի, որ նեցուկ կը կանգնի յատկապէս Արցախի մէջ ականներու չէզոքացման ջանքերուն։

Յատկացումներու յանձնախումբը նաեւ որոշեց աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի մէջ սուրիահայ գաղթականներուն, առաջարկ մը, որ յառաջ մղուած էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ:

«Մեծապէս կը գնահատենք Լեռնային Ղարաբաղի եւ գաղթականներու աջակցութիւն ապահովելու գործին մէջ ծերակուտական Մարք Քըրքի ջանքերը եւ կ՛ակնկալենք Ծերակոյտի ու Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան հետ համագործակցելով, յաւելեալ աջակցութիւն ապահովել Արցախի համար, ապահովելու համար վերականգնողական ծրագիրներու շարունակութիւնը եւ ընդարձակումը: Նաեւ կ՛ողջունենք Ծերակոյտի դիրքորոշումը՝ Հայաստանի գաղթականներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, որ պիտի օգնէ Հայաստանին արդիւնաւէտ կերպով կազմակերպելու այդ անցումային շրջանը Սուրիայէն եւ Իրաքէն եկող փախստականներուն համար», նշեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

Յայտնեք, որ Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբը առաջարկած է Հայաստանին տրամադրել 24.1 միլիոն տոլարի, իսկ Ատրպէյճանին՝ 10.9 միլիոն տոլարի աջակցութիւն:

Կ՛առաջարկուի Հայաստանին տրամադրել նաեւ 1.6 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն։

Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի օժանդակութեան համար Ծերակոյտի յանձնախումբին առաջարկած գումարը նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակարգին առաջադրած գումարէն 3 միլիոն տոլարով աւելի է։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.