Սուրիահայ Բժիշկը 5000-է Աւելի Անվճար Վիրահատութիւն Կատարած Է Հայաստանի ՄԷջ

 

Ճանի Հատտատ… Սուրիահայ բժիշկ,գիտական բազմաթիւաշխատութիւններու հեղինակ, բարեգործ….ասոնք, անշու՛շտ, մարդուանհատականութիւնը ընդգծող յատկանիշներ են, սակայն բարեգործութիւ՛նն է ի վերուստդրուած Աստուծոյ ստեղծած արարածներէն իւրաքանչիւրի հոգիի կերտուածքին մէջ…
Անխաթար պահելով այդ կերտուածքը`բժիշկ Ճանի Հատտատ բազմաթիւ անվճարվիրահատութիւններ իրականացուցած էՀայաստանի մէջ, Արցախ աշխարհին մէջ եւտարիներ շարունակ կ’իրագործէ այդ բարեսիրական գործունէութիւնը` առանցակնկալելու պարգեւներ, պատուոգիրներ, թէեւ մօտաւորապէս 5200 անվճարվիրահատութիւն իրականացուցած հայորդին միանգամայն արժանի է ատոր:Հանդիսանալով ACMA (Հայ քրիստոնեաներու բժիշկներու միութեան) հիմնադիրնախագահը` ան իր բարեսիրական գործունէութիւնը սկսած է ընդամէնը 2 հոգինոցխումբով, իսկ յետագային բժշկական անձնակազմը համալրուած է նորմասնագէտ-բժիշկներով, բուժքոյրերով, որոնք մէկ ընտանիք դարձած են:
–Տոքթո՛ր Ճանի, ե՞րբ սկսաք Ձեր բարեսիրական գործունէութիւնը:
-Ես 2000 թուականէն սկսած եմ գալ Հայաստան եւ վիրահատութիւններ ընել: Տարին երկու անգամ կու գամ: Սկիզբը Մալաթիա հիւանդանոցին մէջ վիրահատութիւններ իրականացուցի, յետոյ սկսայ շրջիլ բոլոր մարզերով. վիրահատութիւններ կը կատարէի Գիւմրիի կեդրոնական հիւանդանոցին մէջ, ատկէ առաջ` Աւստրիական հիւանդանոցին մէջ, այս օրերուն` Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցին մէջ վիրահատութիւններ կատարած եմ եւ պիտի շարունակուի այդ ընթացքը` մինչեւ մեկնումս: Վիրահատութիւններ ըրած ենք Արցախի` Շուշիի հիւանդանոցին մէջ: Բացի վիրահատութիւններէն` նաեւ կը զննենք հիւանդներուն: Այս տարի` մինչ այսօր, Լոռիի, Շիրակի, Կոտայքի, Արմաւիրի մարզին, Արարատի, Երեւանի, Արցախի մէջ զննած ենք 909 հիւանդի: Այս այցիս երկու օրուան մէջ 30 վիրահատութիւն իրականացուցինք Գիւմրիի, 45 վիրահատութիւն` Արցախի մէջ, երէկ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցին մէջ սկսայ վիրահատութիւնները. 1 օրուան մէջ կատարած ենք 15 վիրահատութիւն: Ունիմ լաւ օգնականներ, բժիշկներու եւ բուժքոյրերու հրաշալի անձնակազմ: Հիմնականին մէջ կը վիրահատեմ խպիպ, ճողուածք, լեղապարկ, քաղցկեղ, թութք…ես հիմնականին մէջ մասնագիտացած եմ խպիպի եւ քաղցկեղի վիրաբուժութեան գիծով:

 

–Բժի՛շկ Հատտատ, ո՞ ւր ստացած էք Ձեր կրթութիւնը, մասնագիտացածու կատարելագործած:
-Դպրոցը աւարտած եմ Քուէյթի մէջ, Բժշկական համալսարանը աւարտած եմ Դամասկոս, վիրաբուժական բարձրագոյն կրթութիւնս ստացած եմ Անգլիոյ թագաւորութեան մէջ:
 
–Ինչպէ՞ս սկսաք բարեգործութեամբ զբաղուիլ, ոեւէ մէկը ուղղորդա՞ծ է ձեզի:
-Առաջին այցելութիւնս Հայաստան եղաւ 1988-ին` երկրաշարժի 6-րդ օրը. երեք ինքնաթիռ բերի Քուէյթէն` բեռնուած բժշկական սարքաւորումներով, քիչ քանակութեամբ դեղորայքով: Հայաստանին այդ ժամանակ աւելի անհրաժեշտ էր ունենալ բժշկական սարքաւորումներ: Շատ կարեւոր էր այդ ժամանակ ունենալ երիկամունք լուացող սարքաւորում` Hemodialysis, չունէին լաբորասկոպիկ գործիքներ: Ես այդ ամէնը բերած էի, սակայն, ցաւօք, չպահեցին, չօգտագործեցին, վաճառեցին դուրսը: Հիմա ըսեմ , թէ ինչու եւ ինչպէս սկսայ բարեգործութիւն ընել. 1976-ին Տէրը ինծի տեսիլք մը տուաւ, որ ես պիտի ծառայեմ Հայաստանին: Այդ տեսիլքը երեւցաւ ինծի, երբ դեռեւս ուսանող էի եւ իմ բոլոր հայ ընկերներուս յորդորեցի գալ ու ծառայել Հայաստանին. անշուշտ, մէկ մասը ընդունեց միտքս, միւս մասը` ոչ: Աւարտեցի ուսումս, Քուէյթէն 1990-ին գացի Հալէպ, 26 տարի է, որ Հալէպի մէջ եմ: 2000 թուականին Հայաստանի մէջ ծանօթացայ շարք մը մարդոց հետ եւ պատմեցի իմ տեսիլքիս մասին, դիմաւորեցին, ընդունեցին, սկսանք մեր բարեգործական ծառայութիւնները ընդամէնը 3 հոգիով: 2006-ին հիմնեցի ACMA կազմակերպութիւնը, այժմ խումբին մէջ ընդգրկուած են 206 հոգիէ աւելի աշխատողներ: Բոլորն ալ կ’աշխատին կամաւոր հիմունքներով:
Հայաստանի այլ քաղաքներ ու մարզեր, գիւղեր կ’այցելենք 15-20 հոգիով, Արցախ գացինք 8 հոգիով, որովհետեւ գիշերակացի, այլ ծախսերու հետ կապուած խնդիրներ կային: Արցախ տարինք նաեւ ատամնաբոյժներու խումբ մը, որ աշխատեցաւ 65 հիւանդներու հետ, իսկ Շուշիի մէջ 45 վիրահատութիւն ըրինք: 5 օր ու 4 գիշեր մնացինք եւ իրականացուցինք բժշկական կարեւոր ծառայութիւններ: Յաջորդ Երկուշաբթի պէտք է Հալէպ վերադառնամ, ուր նոյնպէս ինծի սպասող հիւանդներ ունիմ, պէտք է վիրահատութիւններ ընեմ:
 
–Այսինքն` դուք հանգստանալու ժամանակ չունիք:
-Հանգստանալու մասին ես ընդհանրապէս չեմ մտածեր, իսկ Հալէպի մէջ հանգստանալու ժամանակ չկայ. չէ՞ որ պատերազմական վիճակ է: Աւերուած են տուներ, թաղամասեր, գործարաններ, խանութներ, դպրոցներ. շատ զոհեր ունեցանք, վիրաւորներ: Ջրհորներ կը փորենք, պատերազմի այրիներուն հոգ կը տանինք, ուսանողներուն, համաբուժարան բացինք….Ուտելիքով կ’օգնենք մարդոց:
–Ձեր բարեգործութիւնը անվճար վիրահատութիւններն են, եւ, այնուամենայնիւ,արդեօք ինչ-որ կազմակերպութիւն կը հովանաւորէ՞ ձեզ:
-Կազմակերպութիւն մը կայ` «Պարնապաս» հիմնադրամը, որ մեզի կը հովանաւորէ, կ’աջակցի, մանաւանդ` Հալէպի մէջ: Մեր ACMA-ի առաքելութիւնը հիմնականին մէջ Սուրիայէն Հայաստան գաղթած սուրիահայերուն օգնելն է, մեզի կ’օգնեն նաեւ եկեղեցիները. մեր կազմակերպութեան մասին գիտեն Հայաստանի մէջ: Հետս կ’աշխատի նաեւ աղջիկս` Փեթիան, ան իմ աջ ձեռքս է: Փեթիան մանրավիրաբոյժ է, փեսաս համակարգչային մասնագէտ: «Պարնապաս»-ը մեզի կ’օգնէ Հալէպի մէջ իրագործուող բժշկական ծառայութիւններ իրագործելուս, ժողովուրդին տրուող սնունդի հարցով կ’օգնէ, իսկ Հայասատանի մէջ ես իմ կողմէս բացարձակապէս անվճար կը կատարեմ վիրահատութիւնները:
–Բժի՛շկ, չէ՞ք յոգնիր, չէ՞ք զղջար, որ այդքան մեծ բեռ առած էք ձեր ուսերուն, ձեզիերբեք չե՞ն նեղացներ այստեղ կամ կը խոչընդոտեն ձեր աշխատանքները, քանի որանվճար հիւանդներու հոսք կայ ձեր մօտ:
-Բնաւ չեմ յոգնիր ու չեմ զղջար: Կարեւորը, որ մենք լերան վրայ ըլլանք, այդ ժամանակ մեծ հարցերը փոքր կ’երեւին աչքիդ: կը գոռան, կը գոռան…կ’ըսեն,որ տոքթորը եկաւ մեր հիւանդները գողցաւ…հո՛գ չէ, ես իմ խղճիս թելադրանքով կ’առաջնորդուիմ:

 

–Ո՞ր հիւանդութիւնը առաւել տարածուած է ձեզի դիմող հիւանդներուն մօտ:
-Խպիպ ունեցողները շատ են, որ հիմնականին մէջ տարածուած է լեռնային ժողովուրդներու շրջանին մէջ, այնտեղ, ուր ծով, ովկիանոս չկայ, այդ հիւանդութիւնը նաեւ խմելու ջուրի մէջ եոտի պակասութենէն կ’առաջանայ:

 

–Չէ՞ք վախնար ` պատերազմական այս լարուած օրերուն ապրելով Հալէպի մէջ:
-Եթէ մենք չապրինք, ո՞վ պէտք է ապրի: Մեր ժողովուրդը մեր կարիքը ունի: 72000 հայութենէն մնացած է 8000 հայ. շատ լաւ վիրաբոյժներ ալ գաղթեցին…ո՞վ պէտք է մնայ Հալէպի մէջ, եթէ բոլորը դուրս գան, հեռանան: 1923 Հալէպի բնակչութեան 40%-ը հայեր էին, 60%-ը` քրիստոնեաներ էին ընդհանրապէս, իսկ հիմա պատկերը փոխուած է: Հալէպցի տեղաբնակները շատ բան սորված են Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթած հայ ժողովուրդէն. շատ մահմետականներ նոյնիսկ կ’ըսեն` Դուք Հալէպի աղն էք, մի՛ երթաք, մի՛ ձգէք մեզի…

 

–Ինչպէ՞ս մեկնել ձեր` Հատտատ ոչ հայկական ազգանունը…
-Մեծ հայրս Տիարպեքիրէն` Տիգրանակերտէն էր եւ գաղթելէ ետք ըսին, որ կամ Տէմիրչի կամ Հատտատ պիտի կոչեն (որ երկու պարագաներուն ալ կը նշանակէ երկաթագործ. առաջինր` թրքերէնով, երկրորդը` արաբերէնով), հայրս կը նախընտրէ երկրորդ` արաբերէն տարբերակը: Ահա այդ ազգանուան պատմութիւնը: Ես պատերազմներ անցած եմ` 1973-ին Սուրիոյ եւ Իսրայէլի, 90-ականներուն` Իրաքի պատերազմը, 2000-ին եւ հիմա ալ` սուրիական պատերազմը: Մինչ այսօր 15 երկիրներու մէջ ծառայած եմ իմ մասնագիտութեամբ: Ես կ’ըլլամ Փաքիստանի, Սուտանի, Եգիպտոսի, Իրանի, Թուրքիոյ, Միջին Արեւելքի մէջ, բոլոր այն տեղերը, ուր իմ կարիքը կայ:
Մեր զրոյցին միացաւ նաեւ Ճանի Հատտատի դուստրը` Փեթիա Հատտատը, որ 3տարի բժշկական կրթութիւն ստացած է Սուրիոյ մէջ, յետոյ կրթութիւնը շարունակածԵրեւանի մէջ, իսկ այս օրերուն Երեւանի թիւ 1 դարմանական հիւանդանոցին մէջկը մասնագիտանայ յայտնի մանրավիրաբոյժ Արտաւազդ Սահակեանի մօտ`որպէս մանրավիրաբոյժ: Փեթիան կ’երթայ հօր ճանապարհով` մարդոց օգնելըհամարելով քրիստոնէական առաքելութիւն: Բարեգործ բժիշկին մասին խօսեցան նոր վիրահատուած հիւանդները` Թամարա Բակունցն ու Ռոզա Ճնգրեանը. անոնցմէ առաջինին մօտ ճողուածքի վիրահատութիւն իրականացուցած էր բժիշկը, միւսի լեղապարկը վիրահատած: «Աջ աճուկիս շրջանին շատ ցաւոտ ճողուածք ունէի, ոտքս շարժէլ չէի կրնար եւ հնարաւորութիւն ալ չունէի վիրահատուելու: Այնչափ գոհ եմ բժիշկ Ճանիէն, անոր ողջ անձնակազմէն: Ես 3 բուժարաններէ անընդհատ ուղեգիր կը խնդրէի, հազիւ տուին, որպէսզի հերթս չկորսնցնեմ, ժամանակին հասցնեմ, իսկ այս հրաշք մարդը անվճար վիրահատեց:
Բժիշկի ծննդավայրին մէջ պատերազմ է, աւերակուած է Հալէպը, այնտեղ ամէն օր մարդիկ կը զոհուին, թերեւս նաեւ` անոր հարազատներէն, իսկ բժիշկը կու գայ Հայաստան եւ անվճար վիրահատութիւններ կ’իրականացնէ: Ես անսահման երախտապարտ եմ անոր, թո՛ղ անոր ծննդավայրին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի: Կը մաղթեմ, որ բժիշկ Ճանին շատ երկար ու առողջ կ’ապրի, Աստուած թո՛ղ երկար կեանք տայ անոր»,- կ’ըսէ Թամարա Բակունցը: «Լեղապարկս վիրահատած է բժիշկը: Եթէ ան չգար եւ անվճար չվիրահատեր, ես հնարաւորութիւն չէի ունենար ազատելու այդ սոսկալի ցաւերէն: Այնչափ երախտապա՛րտ եմ այդ բարի մարդուն: Աստուած թո՛ղ լիաբուռն վարձահատոյց ըլլայ անոր, որ նեղութեան մէջ գտնուող հիւանդներուն կարեկից կ’ըլլայ ու ձեռք կը մեկնէ: Ան ճշմարիտ քրիստոնեայ է»,- կ’ըսէ Ռոզա Ճնգրեան:
Ճշմարիտ քրիստոնեայ Ճանի Հատտատին հրաժեշտ տուի , երբ ան մեր ` ընդամէնը 20 վայրկեաննոց զրոյցէն ետք, առանց հանգստանալու, շտապեց վիրահատարան…եւ այնպէ՜ս անտրտունջ , այնպէ՜ս խաղաղ ու բարի, ժպտադէմ` կարծես բնաւ ինքրչէր օրուան ` իրար յաջորդող, անընդմէջ բարդ վիրահատութիւններ իրականացնողը:
Կարինէ Աւագեան
Hayern Aysor

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.