Մոնթրէալահայ Ժոէլ կը հրապարակէ մանկական հայերէն երգերու խտասալիկ մը

 

Յունիս 22-ին «Հորիզոն»ի հիւրը եղաւ մանկավարժուհի Ժոէլ Չինչինեան (ծնած Պէյրութ, Լիբանան), որ մանկական երգերու իր առաջին խտասալիկն ու տեսահոլովակը հրապարակած է այս տարի: «Հորիզոն»ի վարժողական ծրագրի գործակատար Արին Տիմիթեան զրուցեց Ժոէլին հետ։

Ժոէլ մանկավարժութիւն ուսանած է Մոնմորանսի գոլէճին մէջ, ապա 8 տարի Սուրբ Յակոբ վարժարանի ՀՕՄ-ի Ծաղկոցէն ներս պաշտօնավարած է որպէս ուսուցչուհի։ Փոքրերու աշխարհը ներշնչած է զինք եւ մղած, որ սկսի ներկայացումներ կատարել՝ տարեդարձներու, համայնքային ձեռնարկներու, քերմէսներու եւ այլ փառատօներու։ Ան 6 տարուան ընթացքին շատ բան սորված է երեխաներէն եւ կÿըսէ, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր տպաւորութիւն ձգած է իր վրայ։

Երաժշտութեան հանդէպ մեծ սէր ունենալով, ներքուստ միշտ փափաքած է իրականացնել այս երազը։ Կը պատմէ, թէ մէկ տարի առաջ, Լիբանան այցելութեան ընթացքին, ծանօթացած է երաժիշտ Սեդօ Պաղտասարեանին,  որուն հետ կարելիութիւնը ունեցած է աշխատելու իր խտասալիկի 5 երգերը մէկ շաբթուան ընթացքին ձայնագրելու։ Մոնթրէալ վերադառնալէն ետք, Փօլ Մալախանեանի օգնութեամբ գործը աւարտած է՝ յաւելեալ 5 երգերով։ Իր 10 երգերը Ժոէլը յօրինած է ամուսինին եւ կարգ մը գործակիցներու օգնութեամբ։ Թէեւ իր սրտին մէջ բոլոր երգերը մեծ արժէք ունին, սակայն իր նախասիրածներն են «Թաթիկներու երգ»ը եւ «Քնացիր»ը։

Ժոէլ կը պատմէ, թէ երգերու արձանագրութենէն եւ հրապարակումէն ետք, ինք եւ իր խումբը կը զգան, թէ պակաս բան մը կայ, եւ կ՚որոշեն պզտիկները գրաւելու համար տեսասալիկ մը պատրաստել, որուն մէջ երգերուն ընկերակցին պարեր, խաղեր, փոքրիկներ, գոյներ եւ նկարներ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.